ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇՔԱՆՇԱՆ

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որով վերյիշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ դիւանագէտ ու պատմաբան Արման Կիրակոսեան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի տնօրինութեամբ՝ Արման Կիրակոսեան յետ մահու պարգեւատրուեցաւ Հայրենիքի շքանշանով։ Սա Հայաստանի պետութեան ամենաբարձր կոչումներէն մին է։ Երէկուան արարողութիւնը թէեւ մեծարանքի պարգեւատրման բնոյթ մը ունէր, սակայն անխուսափելիօրէն խորքին մէջ վերածուեցաւ ոգեկոչումի մը եւ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտով։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հերթական անգամ շատ դիպուկ արտայայտուեցաւ Արման Կիրակոսեանի մասին եւ իր խօսքի աւարտին պատուոյ շքանշանը յանձնեց Կիրակոսեանի ընտանիքին։ Հոգելոյս Արման Կիրակոսեանի այրին ալ շնորհաւորութեան խօսք արտասանեց։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, պատմաբան Արամ Սիմոնեան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին Արմէն Սարգսեան առաջարկեց, որպէսզի Արման Կիրակոսեանի անունով երիտասարդ դիւանագէտներու համար հաստատուի տարեկան մրցանակ մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019