«ՌԻՕ-2016»Ը ԴԱՐՁԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԶԻՋԵԼՈՎ «ԹՈՔԻՕ-2020»ԻՆ

Ռիօ Տէ Ժա­նէյ­րո­յի մէջ ա­ւար­տե­ցան 31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը: Մա­րա­քա­նա մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու փակ­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը: Փակ­ման այս հան­դի­սու­թեան գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ անձ­րե­ւին տակ:

Հան­դի­սա­ւոր ձե­ւով ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու դրօ­շա­կը փո­խան­ցուե­ցաւ 2020-ի ո­ղիմ­պիա­կա­նը հիւ­րըն­կա­լե­լիք Թո­քիո­յին, Ճա­փոն:

Մինչ այդ, փակ­ման այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի դրօ­շա­կա­կի­րը ե­ղաւ ոս­կի մե­տայ­լի տի­րա­ցած յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան:

Օ­գոս­տոս 5-21 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ ա­ւե­լի քան 10 հա­զար 500 մար­զիկ, 205 երկ­րէ մաս­նակ­ցե­ցան ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն:

31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը ու­նե­ցաւ իր պատ­մու­թեան ա­մե­նա­յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, քսան տա­րի դա­դա­րէ ետք, հայ յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ 98 քի­լօկ­րամ քա­շա­յին Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան դար­ձաւ ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան: Ոս­կէ մե­տայ­լին մօտ էր յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի միւս հայ ըմ­բի­շը` Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նը, ո­րուն ոս­կէ մե­տայ­լը կողմ­նա­կալ մրցա­վա­րու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ յան­ձուե­ցաւ Սեր­պիոյ ներ­կա­յա­ցուց­չին: Զի­րենք հիա­նա­լի դրսե­ւո­րե­ցին ծան­րորդ­ներ Սի­մոն Մար­տի­րո­սեանն ու Գոռ Մի­նա­սեա­նը, ո­րոնք ի­րենց քա­շա­յին կար­գե­րուն մէջ դար­ձան ար­ծա­թէ մե­տայ­լա­կիր: Հա­յաս­տա­նը մե­տայ­լա­յին հա­շուար­կով զբա­ղե­ցուց 42-րդ պա­տուոյ հո­րի­զո­նա­կա­նը:

31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն ի­րենց հիա­նա­լի ե­լոյթ­նե­րէն ետք մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զը ա­ւար­տե­ցին հռչա­կա­ւոր մար­զիկ­ներ, ինչ­պէս՝ Մայ­քըլ Ֆելպս, Թո­նի Փար­քըր, Մա­նու Ժի­նո­պի­լի:

«Ռիօ-2016»ի փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ սգոյ յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւա­նին մէջ: Ո­ղիմ­պո­սէն բե­րուած ժայ­ռա­բե­կո­րի մօտ ո­ղիմ­պիա­կան մար­զիկ­նե­րը յա­տուկ ծի­սա­կար­գով յի­շա­տա­կի տուրք մա­տու­ցե­ցին հան­գու­ցեալ­նե­րուն: Այս ձե­ւով, յե­տա­դարձ հա­յեացք մը նե­տե­լով մարմ­նա­մար­զի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան, ո­ղիմ­պիա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ Ռիօ Տէ Ժա­նէյ­րո­յի մէջ հրա­շա­լի հիւ­րըն­կա­լու­թեան այս տասն­վե­ցօ­րեայ տօ­նին վրայ: Այս­պէ­սով 31­րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղի­պիա­կան խա­ղե­րը ա­ւար­տե­ցան: Չորս տա­րի ետք, ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ եր­կի­րը պի­տի ըլ­լայ Ճա­բո­նը, իսկ 32-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Թո­քիոն։

Միւս կող­մէ, Ռիօ Տը Ժա­նէյ­րո­յի 31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րէն ետք, Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան կը սպա­սեն մեծ ան­համ­բե­րու­թեամբ:

Պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի ո­ղիմ­պիա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Ե­րե­ւան կը հաս­նի 26 Օ­գոս­տո­սի կէս գի­շե­րէն ետք, Ե­րե­ւա­նի ժա­մով 00.40-ին, Տո­հա-Ե­րե­ւան թռիչ­քով:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016