ԱԽՈՅԵԱՆ ԸՄԲԻՇՆԵՐԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Փարիզի մէջ կազմակերպուած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյենութեան ընթացքին ոսկէ մետայլ նուաճած Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները երէկ վերադարձան Երեւան եւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մարզասէրներու կողմէ դիմաւորուեցան մեծ խանդավառութեամբ։

Ախոյեան ըմբիշները դիմաւորելու փութացած էր նաեւ Հայաստանի Ողիմպիական ազգային կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան։

Ախոյեաններ՝ Արթուր Ալեքսանեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան դիմաւորուեցան դափնիներով եւ բուռն ծափահարութիւններով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017