ԻՏԱԼԻԱ Կ՚ԱՌՆԷ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Իտալիոյ իշխանութիւնները Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն յետոյ պեթոնէ ցանկապատեր տեղադրած են Հռոմի, Միլանոյի, Պոլոնիոյ, Թուրինի  եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ զբօսաշրջային գլխաւոր հնգագոյն ժառանգութիւններուն մօտ:
 Մասնաւորապէս, Միլանոյի մէջ ցանկապատեր տեղադրուած են Միլանոյի տաճարը տանող փողոցներուն վրայ: Պոլոնիոյ մէջ ցանկապատեր տեղադրած են Սան Փետրոնիօ մայր եկեղեցի տանող ճանապարհին: Նման ցանկապատեր յայտնուած են նաեւ Փալերմոյի մէջ։ Անոնք կը պատրաստուին ցանկապատեր տեղադրել նաեւ Հռոմի Վիա տել Քորսօ պողոտայի եւ Վիա տէի Ֆիորի հրապարակի մուտքին մօտ: Բացի այդ, Ճենովա եւ Նափոլի քաղաքներուն մէջ առաւել ուժեղացուած է ոստիկանական ծառայութիւնը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017