ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ «ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՐԵՐ»

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, աշխատակազմի արտաքին կապերու եւ մշակոյթի վարչութիւններուն յանձնարարած է նախապատրաստուիլ այս տարուան Սեպտեմբերի 6-8 թուականներուն միջեւ նախատեսուող «Երեւանի օրերը Սեն Փեթերսպուրկի մէջ» ձեռնարկներու ծրագրի պատշաճ իրականացման:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ընթացքին կը նախատեսուին պաշտօնական հանդիպումներ, կլոր սեղաններ՝ զբօսաշրջութեան, հանրակրթութեան, առողջապահութեան, ներդրումային նիւթերով, ինչպէս նաեւ Երեւանը ներկայացնող շարք մը մշակութային ձեռնարկներ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017