ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի չափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան Սերժ Սարգսեանի անցեալ տարուան Մարտին Մոսկուա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին։ Սարգսեան եւ Փութին խօսեցան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան շրջանակներէ ներս աշխուժօրէն զարգացող գործընթացներուն շուրջ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային արդի հարցերուն շուրջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը։ Ողջունելով Սերժ Սարգսեանը՝ Փութին ըսաւ, որ կողմերու միջեւ կը պահպանուի խտացեալ քաղաքական երկխօսութիւն մը եւ համագործակցութիւն կ՚ընթանայ տնտեսական, անվտանգութեան եւ ռազմական ոլորտներու մէջ։ Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ ընդգծեց, որ կողմերու ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները կ՚առանձնանան բարձր մակարդակի վրայ մշտական աշխոյժ երկխօսութեամբ, արտաքին քաղաքական լայն համակարգմամբ, միջազգային եւ տարածքաշրջանային հարթակներու վրայ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ, անվտանգութեան, ռազմական ու ռազմաթեքնիկ ոլորտներէ ներս արգասաբեր համագործակցութեամբ։ Սարգսեան մատնանշեց, որ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն ալ կը զարգանան խտացեալ ձեւով։ Անցեալ տարի կողմերու միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աճած է 15 տոկոսով։

Սոչիի հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Գէորգեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, դիւանագիտական հարցերով իր գլխաւոր խորհրդականը Եուրի Ուշաքով եւ այլ պաշտօնատարներ։

Հարկ է նշել, որ բացի Սերժ Սարգսեանէն, Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։

Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան այսօր կը հիւրընկալէ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովը, որ իր հրաւէրին ընդառաջ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Թիւրքմեն ղեկավարը երէկ երեկոյեան հասաւ Երեւան։ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս Սերժ Սարգսեան այս առաւօտ զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017