ՓՕԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԻԶԻ «ԺՈՐԺ ՓՈՄՓԻՏՈՒ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Երբ 1977 թուականին Ժորժ Փոմփիտուի անուան «Սանթր Պոպուր» (Centre Beaubourg) ժամանակակից արուեստի կեդրոն-մատենադարանի բացումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, բաւական մեծ աղմուկ յարուցեց արուեստի աշխարհէն ներս, թէ՛ կառոյցի իր տարօրինակ լուծումներով եւ թէ իր «արտակեդրոն» ոճի հարստութեամբ ու որակով: Հոն մուտք գործեցին աշխարհի ամենէն բարձրորակ ու նորարար կերպար-ւեստագէտներու գործերը: Այլոց շարքին երեք հայ արուեստագէտներու՝ Արշիլ Կորքիի, Եագուլովի եւ Երուանդ Քոչարի մէկական ստեղծագործութիւն եւս, որոնք դասուեցան աշխարհի լաւագոյններու շարքին ու զետեղուեցան ժամանակակից արուեստի կեդրոնին մէջ:

Վերջերս, չորրորդ հայ արուեստագէտի մը՝ Փօլ Կիրակոսեանի «Ժամանակի ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը (իւղաներկ, չափը՝ 90x80 սմ.), ներառնուեցաւ այս միջազգայնօրէն մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած արուեստի կեդրոնէն ներս: Հակառակ անոր, որ գեղանկարը կը գնահատուի 100-200 հազար ամերիկեան տոլարի միջեւ, «Փօլ Կիրակոսեան» հիմնարկի նախագահ Մանուելա Կիրակոսեանի կողմէ (որուն վերապահուած է հանգուցեալ գեղանկարիչի հեղինակային իրաւունքը) խոհրդանշական կէս գինով տրամադրուեցաւ յիշեալ թանգարանին:

Փօլ Կիրակոսեանի «Ժամանակի ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը կը պատկանի գաղթականներու շարքին: Պատկերուածը երփներանգ հագուստներ հագած, վերացարկուած եւ իրարու խռնուած կին կերպարներու զանգուած մըն է. անոնցմէ կ՚անջատուի սեւ ու սլացիկ կերպար մը, որ շատ հաւանաբար մեծ եղեռնէն ճողոպրած արուեստագէտի մայրը կը ներկայացնէ: Բացառիկ արտայայտչականութեամբ օժտուած այս գեղանկարը թուագրուած է 1986: Ութսունականներուն, Կիրակոսեան արդէն իսկ ձեռք բերած էր թէ՛ համաարաբական եւ թէ միջազգային ճանաչում: Ան ընդունուած եւ գնահատուած էր նոյնի՛սկ Ինկրիտ Պերկմանի եւ Էնթընի Փերքինզի նման հոլիվուտեան աստղերու կողմէ:

Փօլ Կիրակոսեանի այս նուաճումը նոր յաջողութիւն մըն է առհասարակ հայ մշակոյթին համար:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017