25 ՏԱՐԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս Արամազդ Անդրէասեան դատապարտուեցաւ 25 տարուան բանտարկութեան՝ իր որդին սպաննած ըլլալու համար։ CNN-ի հաղորդումներով, ան բանտէն վաղաժամ ազատելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ միայն 25 տարի վերջ։

35-ամեայ Արամազդ Անդրէասեան, որ սպաննած էր իր հնգամեայ որդին, դատավարութեան ընթացքին չօգտուեցաւ իր խօսքի իրաւունքէն եւ անոր զղջման խօսքերը փոխանցուեցան փաստաբանին կողմէ։

Դատավճռի արձակման ընթացքին դատապարտեալի նախկին կինը, որ սպաննուած մանուկի մայրն է, իր զայրոյթը արտայայտեց կատարուածին դէմ։ «Տղաս իմ ամենամեծ երջանկու թիւնս էր, իսկ հիմա՝ իմ ամենամեծ տխրութիւնն է։ Դուն ձախողած ես որպէս հայր, ձախողած ես որպէս մարդ ու ձախողած ես որպէս մարդ արարած», ըսաւ վշտահար մայրը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017