ԱՐԱԳԱՑՈՒԱԾ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Եւրոպական Միութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի համատեղ խրախուսանքով Երեւանի մէջ կարեւոր նախագիծ մը կեանքի կոչուեցաւ։ Երկրէ ներս արագացուած ստեղծագործութեան ուղղեալ ծրագիր մը կը նախատեսէ այս նախաձեռնութիւնը, որու առանցքային նպատակներն են Հայաստանէ ներս ստեղծագործական կամ մշակութային արդիւնաբերութիւնը խթանել, շարունակական բնապահպանութեան զուգահեռ։ Այս բոլորը կը նախատեսուին թէ՛ արհեստավարժ անհատներու եւ թէ՛ հաստատութիւններու կատարելագործման ճանապարհով։ ԵՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով երէկ կազմակերպուած համաժողովը առիթ հանդիսացաւ արժեւորել այս զարգացման որոնումները՝ բազմակողմանի քննարկումներով։ Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-Հայաստանի նախագահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, Հայաստանի իշխանութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնց հետաքրքրութեան առարկայ դարձան երկրի կրթութեան հեռանկարները, համակարգեր ստեղծելու փորձառութիւնները, մշակութային փոխանակումները, գործարարութիւնը, թեքնոլոժիները, ինչպէս նաեւ մշակութային քաղաքականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022