ԲԵՐՁՈՐԻ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներուն հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ, Մոսկուայի մէջ։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ այս պահուն որոշուած չէ ձեւաւորուած հարցերու առանձին օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մհեր Գրիգորեան թէ՛ սահմանազատման երկկողմանի յանձնաժողովին եւ թէ՛ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմանի յանձնաժողովին մէջ կը գլխաւորէ հայկական պատուիրակութիւնը։

44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ծանր իրավիճակին մէջ Հայաստան կը պատրաստուի արդէն այս օրերուն յանձնել Բերձորն ու շրջակայքը։ Ըստ զանազան տեղեկութիւններու, շրջանի գիւղերու բնակիչներուն արդէն ելք ու մուտքի հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են։ Թէեւ իշխանութիւնները նախապէս քանիցս զգուշացումներ ըրած են, սակայն, բնակիչները կը մերժեն այդպէս լքել իրենց տուները եւ հեռանալ։ Յետպատերազմեան շրջանին, Հայաստանի լքած տարածքներու բնակիչները արդէն իրենց բնակարաններէն կը հեռանան՝ կա՛մ զանոնք անգործածելի վիճակի մէջ թողլով եւ կամ հրոյ ճարակ դարձնելով։

Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Թուրքիա-Հայաստան գործընթացները եւ Արցախի շուրջ իրադարձութիւնները թեւակոխած են վտանգաւոր փուլ մը։ Այսպէս, յառաջիկայ բանակցութիւններու օրակարգէն տեսանելի կը դառնայ առանցքային երեք հարց, որ կրնայ վտանգներ ներկայացնել Հայաստանի տեսակէտէ։ Ընդդիմադիր գործիչները այդ երեք հարցերը կը համարեն՝ «Զանգեզուրի միջանցքը», Արցախի ապառազմականացումն ու Լաչինի միջանցքի խնդիրները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022