ԶԵԼԵՆՍՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ

Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ իր երկիրը ինքնուրոյն կ՚որոշէ, թէ ինչ ճանապարհով պիտի վերադարձնէ Խրիմը։ Ան այս առումով բացառեց Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու հաւանականութիւնը։

Զելենսքի երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Խրիմի հարթակի ղեկավարներու առցանց գագաթաժողովին ժամանակ։ Հեռավար այս գագաթաժողովին ընթացքին տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Խրիմ պէտք է վերադարձուի Ուքրայնային։

Վլատիմիր Զելենսքի գագաթաժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսաստան 2014 թուականին բռնագրաւած է Խրիմը։ «Խրիմ Ուքրայնայի տարածքն է եւ երկիրը չի խորհրդակցիր աշխարհի այլ պետութիւններուն հետ զայն վերադարձնելու ուղիներուն շուրջ», ըսաւ Զելենսքի։

Բաց աստի, Ուքրայնայի ղեկավարը պնդեց, որ Ռուսաստան երբեք բանակցութիւններու մասին չէ մտածած եւ չի մտածեր, որովհետեւ որոշած է գրաւել իր երկիրը։ «Հաշուի առնելով, որ գործերը ինչպէս կ՚ընթանան՝ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները բացառուած են», ըսաւ Զելենսքի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022