ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ 2023-Ի ԳԱՐՆԱՆ

Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգման խորհուրդը վերջին օրերուն ժողով մը գումարած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիի երդիքին տակ տեղի ունեցած է նիստը, որու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ համահայկական լրագրողներու յաջորդ համաժողովը որոշուած է կազմակերպել 2023 թուականի գարնան։ Այս համաժողովի կազմակերպչական եւ այլ մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ հանգամանքները պիտի շօշափուին յառաջիկային։

Համակարգող խորհուրդը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է նաեւ երիտասարդ լրագրողներու մարդուժի պատրաստութեան ուղղեալ նախագիծերու խրախուսումը։

Համահայկական մամլոյ համաժողովները երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուին հետեւողականօրէն եւ կարեւոր հարթակ մը կը հանդիսանան հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի գործունէութեան ուղղութիւնները արդիականացնելու եւ հայ մամլոյ ներքին համագործակցութիւնը խթանելու առումով։ Վերջին տարիներուն համաժողովներու կազմակերպումը որոշ չափով թէեւ կաղացած է, սակայն, ընթացքին համակարգող կոմիտէն շարունակած է աշխատանքը, նաեւ տարածաշրջանային քանի մը առցանց քննարկումներ կազմակերպուած են։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022