ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Վերահաստատուած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ նշուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի դերակատարութիւնը տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման վերաբերեալ կարգ մը արդիական հարցերու։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022