ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱՎԻԳ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան մեծ պատիւներով ընդունեց Ապպասը, որու հետ սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահը այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ զօրակցիլ Պաղեստինի դատին։ Իր խօսքով՝ Երուսաղէմի եւ Մեսճիտի Աքսայի կարգավիճակի փոփոխութեան ուղղեալ շարժումները որեւէ ձեւով ընդունելի չեն թրքական կողմին համար։ «Իսրայէլի հետ մեր յարաբերութիւններուն գծով առնուած քայլերը որեւէ ձեւով պիտի չնուազեցնեն Պաղեստինի դատին ի նպաստ մեր զօրակցութիւնը։ Ընդհակառակն, այս քայլերը Պաղեստինի հիմնախնդրի լուծման նպաստ պիտի ապահովեն, ինչ որ կը մատնանշեն նաեւ մեր պաղեստինցի եղբայրները», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

«ՄԱԿ-ի չափանիշներու հիման վրայ, 1967-ի սահմաններուն մէջ, Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունենալով անկախ Պաղեստինի պետութեան մը ստեղծուիլը մեր ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապագային համար անհրաժեշտութիւն մըն է», ըսաւ Էրտողան համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Իր կարգին, Մահմուտ Ապպասն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի դատին ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Իր խօսքով՝ իրենք պիտի խտացնեն ջանքերը, որպէսզի բոլոր երկիրները Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022