«ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Համագործակցութիւն ուղղուած Վիեննայի գործողութիւններու ծրագրի եւ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու կայուն զարգացման նպատակներու արագ իրականացման» նիւթով կազմակերպուած առցանց հանդիպման ժամանակ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռավար այս հանդիպման մասնակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, ՄԱԿ-ի 75-րդ նստաշրջանի նախագահ Վոլքան Պոզքըր, ընդհանուր քարտուղարի տեղակալներէն Ֆեքիթամոէլոա, Քաթոա Ութոիքամանու եւ շուրջ երեք տասնեակ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Քննարկման նախագահեց Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլէուպերտի։

Զօհրապ Մնացականեան ելոյթին մէջ մատնանշեց, որ երեք տասնամեակէ ի վեր Թուրքիա կը մերժէ Հայաստանի դէպի ծով ելք ունենալու իրաւունքը՝ փակելով ցամաքային սահմանը։ Ան «միջնադարեան» որակեց այդ շրջափակումը եւ աւելցուց, որ սա չի կրնար արդարացուիլ ո՛չ բանականութեան եւ ոչ ալ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն։ Որովհետեւ այդ շրջափակումը ուղղակիօրէն կ՚ոտնահարէ համապատասխան միջազգային պայմանագիրը, սովորութային իրաւունքը, նաեւ միջազգային համաձայնագրերը։ Մնացականեան նշեց, որ Երեւան լիովին հաւատարիմ է արդիւնաւէտ բազմակողմանի համագործակցութեան՝ ուղղեալ համաշխարհային, միջազգային եւ տարածքաշրջանային զարգացման։ «Մենք կը շարունակենք դէպի ծով ելք չունեցող եւ տարանցիկ երկիրներու միջեւ ներառական համագործակցութիւնը դիտարկել՝ որպէս հիմնական նախապայման մարդոց, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ազատ տեղաշարժի քաղաքական խոչընդոտներու վերացման, բոլոր ժողովուրդներու տնտեսական, ընկերային եւ այլ իրաւունքներու արդիւնաւէտ իրականացման համար», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020