1767 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հիւանդներու թիւը աճիլ կը շարունակէ երկրէն ներս։ «Միասնաբար պէտք է հնազանդինք սահմանափակումներուն, որպէսզի մեր առողջապահութեան համակարգը եւ անոր աշխատողները կարողանան տեւական ծառայութիւն մատուցել», յայտնեց Քոճա։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 112 հազար 102 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1767 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 72 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1027։ Ներկայ դրութեամբ 1561 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Միւս կողմէ, աշխարհի վերաբերեալ տուեալներն ալ բաւական մտահոգիչ են։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկրագունդի վրայ քորոնաժահրով վարակեալներու թիւը արդէն գերազանցած է 32 միլիոնի սահմանը։ Ցայսօր ամենաբարձր թիւով զոհ արձանագրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Կը յաջորդեն Հնդկաստան, Պրազիլ, Ռուսաստան, Քոլումպիա, Փերու, Մեքսիկա, Հարաւային Ափրիկէ, Սպանիա, Արժանթին եւ Ֆրանսա։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020