99-ՐԴ ԽԱՂԱՇՐՋԱՆԸ

«Գաբրիէլ Սունդուկեան» Հայաստանի Ազգային ակադեմական թատրոնը քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած դադարէն վերջ արդէն կը վերսկսի իր ներկայացումները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան վաղը պիտի բանայ 99-րդ թատերաշրջանը։ Մայր թատրոնը այս շաբաթավերջի երեք օրերուն գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանայ «Տեքամերոն» բացօթեայ ներկայացումով։ Այսպէսով հանդիսատեսի դատին պիտի յանձնուի իտալական Վերածնունդի դարաշրջանի ականաւոր գրող Ճովաննի Պոքաչչոյի գլուխ գործոցը։ Թատրոնի ներկայացուցիչները երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Մայր թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեան այս առթիւ տեղեկացուց, որ մինչեւ հոկտեմբերի 18-ը պիտի շարունակուին բացօթեայ ներկայացումները։ Իր կանխատեսումներով շատ հետաքրքրական պահեր կը սպասեն հանդիսատեսներու։

«Սէր, խարդաւանք, խնջոյքներ եւ ժանտախտ։ Բազմազան պատմութիւններով, հետաքրքրական գործողութիւններով հարուստ ներակայացման առաջնախաղերը տեղի կ՚ունենան 25-26-27 սեպտեմբերին», ըսաւ ան։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020