BREXIT-Ի ՀԱՄԱՐ ՄԻՇՏ ՅՈՌԵՏԵՍ ՎԻՃԱԿ

Միջազգային իրադարձութիւններու ամենայն ծանրաբեռնուածութիւններով հանդերձ, BREXIT-ի գործընթացը կը շարունակէ անմիջական տեղ զբաղեցնել համաշխարհային օրակարգի վրայ։ Եւրոմիութիւնը եւ Անգլիան պէտք է մինչեւ տարեվերջ համաձայնութեան մը հասնին՝ իրենց ապագայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով։ Ամիսներէ ի վեր Պրիւքսելի եւ Լոնտոնի միջեւ անհաղորդ վիճակ մը ստեղծուած է։ Կողմերը ո՛չ միայն վերջնական համաձայնութեան մը չեն կրնար հասնիլ, այլեւ՝ բոլորովին վերջերս սկսած են վտանգուիլ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւն-ները։

Այս մթնոլորտին մէջ BREXIT-ի գծով Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ ներկայիս կ՚այցելէ Լոնտոն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան երէկ յայտարարեց, որ ԵՄ անպայման պիտի փորձէ համաձայնութեան հասնիլ Անգլիոյ հետ։ «Մենք հանգիստ ենք, զուսպ, իրատես եւ վճռական», ըսաւ Պառնիէ։

Մինչեւ BREXIT-ի ամբողջութեամբ ի զօրու դառնալը հարիւր օրէ ալ աւելի քիչ ժամանակ մը մնացած է, սակայն, կողմերը տակաւին ապագայ առեւտուրի շուրջ վէճերու վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելէ հեռու են։ Ստեղծուած փակուղիին մէջ Լոնտոն վերջերս նկատել տուած էր, որ կրնայ հրաժարիլ ստանձնած պարտաւորութիւններէն։ Ասոր փոխարէն Պրիւքսել արձագանգած էր, որ զիջելու մտադրութիւն չունի։ Վերլուծաբաններու կանխատեսումներով, սա կրնայ պատճառ դառնալ բանակցութիւններու ձախողման եւ անցումային շրջանէն վերջ բազմաթիւ վէճեր կրնան ստեղծուիլ՝ միջազգային դատարաններէ ներս։

Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն վերջերս յայտնած էր, որ BREXIT-ի համաձայնութիւնը ներկայ վիճակով Եւրոմիութեան տեսական հնարաւորութիւն կու տայ ոչնչացնելու իր երկրի տնտեսական եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Անգլիական մամուլին մէջ հրապարակուած յօդուածով մը վարչապետը երկրի երեսփոխաններու աջակցութեան դիմած էր՝ իր կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օրինագծին համար, որով կարելի է խուսափիլ այդպիսի հաւանականութենէ մը։ Ըստ Պորիս Ճանսընի, համաձայնութեան այժմու նախագծի Հիւսիսային Իրլանտայի վերաբերեալ դրոյթով՝ Անգլիոյ կազմին մէջ մտնող Հիւսիսային Իրլանտայի եւ ԵՄ-ի անդամ Իրլանտայի Հանրապետութեան միջեւ ապրանքաշրջանառութեան իրականացման ընդհանուր սկզբունքներ կրնան գործել։ «Եթէ մենք ԵՄ-ի պայմաններուն չհամաձայնինք, ան իրլանտական ծովէն ներս մաքսային լիարժէք սահման պիտի հաստատէ։ Մեզի յայտնի դարձած է, որ ԵՄ ո՛չ միայն մաքսատուրքեր պիտի սահմանէ Անգլիոյ տարածքէն Հիւսիսային Իրլանտա մտնող ապրանքներուն համար, այլեւ՝ կրնայ այդ նոյն ուղղութեամբ սննդամթերքի մատակարարումները դադրեցնել», զգուշացուցած է վարչապետը։

Իսկ Ճանսընի կառավարութեան առաջարկն է ընդունիլ՝ որոշել, թէ Անգլիոյ տարածքէն դէպի Հիւսիսային Իրլանտա մատակարարուող ո՛ր ապրանքներուն վրայ կրնան տարածուիլ ԵՄ-ի մաքսային չափանիշները, եթէ այդ ապրանքները վերաարտածուին անգլիական համագործակցութեան տարածքէն ներս։ 

BBC վերջերս հաղորդած էր նաեւ, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի ետքայլ ընել Եւրոպայի մարդու իրաւանց համաձայնութենէն։ Անգլիական կառավարութիւնը մասնաւորապէս շրջանցել կը ձգտի՝ գաղթականներու արտաքսումը դժուարացնող եւ արտասահմանի մէջ պաշտօնավարող անգլիացի զինուորներու դէմ դատ բանալու հնարաւորութիւն տուող դրոյթները։ Յամենայնդէպս, ըստ Լոնտոնէ հասած լուրերուն, կառավարութեան այս մտադրութիւնը միանշանակ չ՚ընկալուիր երկրին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020