ԽՕՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԻՐՏ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱԼ

Սեպտեմբերի 21-ին խօսեցաւ իշխանութիւնը եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է խաղաղութեան դարաշրջանը։ Իմ ականջին սա բաւական ցինիկ կը հնչէ այն պարագային, երբ մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ թշնամիի ձեռքն են, երբ նոյնիսկ հիմա, պատերազմէն գրեթէ տարի մը անց, կը յայտնաբերուին զոհերու աճիւններ, երբ ատրպէյճանցիները կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ (բոլոր տեսակի քարտէսներով), երբ Գորիս-Կապան ճանապարհին կրնան որեւէ պահ կանգնեցնել մեր եւ իրանցիներու մեքենաները եւ ամէն գործողութիւն իրականացնել անոնց դէմ։ Երբ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու յայտարարութիւնները ամենեւին խաղաղ չեն՝ թէեւ մեր իշխանաւորներու ականջին անոնք կը հնչեն որպէս «դրական ազդակներ»։ Ես, ճիշդն ըսած, խաղաղութիւնը այդպէս չեմ պատկերացներ։ Պետութեան 30-ամեակին առթիւ խօսեցաւ նաեւ ընդդիմութիւնը եւ յայտարարեց, որ ամէն ինչ կորսուած է, անկախութիւն չկայ, պետութիւն չկայ ու միակ ելքը Փաշինեանը հեռացնելն է, որմէ յետոյ գուցէ բան մը ստացուի։ (Հետաքրքրական է՝ ի՞նչ)։ Ինձ կը պակսի ձայնը անոնց, որոնք պետական անկախութիւնը իսկապէս արժէք կը համարեն, անոնց, որոնք ինքզինքնին կը համարեն 1988-90 թուականներու գաղափարներու ժառանգորդը։ Այսօր տեսակ մը ամօթալի կը համարուի խոստովանիլ, որ այս կամ այն սկզբունքի ջատագովն ես։ Յստակ այս պարագային մտավախութիւն կայ, որ քեզ կը յայտարարեն «լեւոնական», «ՀՀՇ-ական», «մութի-ցուրտի կազմակերպիչ» կամ «վայրի լիպերալիզմի կողմնակից»։ Քանի որ ես այդ բոլոր «մերկացող» պիտակներէն չեմ վախնար, ըսեմ, որ, իմ կարծիքով, 1991 թուականին մեր պետութիւնը ստեղծուած էր ճիշդ հիմքերու վրայ։ (Թէ ինչ սխալներ եւ յանցագործութիւններ կատարուած են աւելի վերջ ու կը կատարուին՝ բոլորովին այլ խօսակցութիւն է)։

Իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ հասարակութեան մեծ մասը կը մերժեն այդ հիմքերը եւ ես այստեղ լուրջ խնդիր կը տեսնեմ։ Իմ բարեկամներէն մին՝ Աշոտ Ոսկանեան Սեպտեմբերի 21-ին գրած էր, որ անոնք, որոնք բարոյական իրաւունք ունին անկախութեան մասին արտայայտուելու, որովհետեւ գիտեն անոր արժէքը, այդ մարդիկ «սիրտ չունին» խօսելու։ Կը կարծեմ՝ այստեղ ալ լուրջ խնդիր կայ։ Անոնք, որոնք 90-ականներուն անկեղծ էին, նուիրուած էին որոշ գաղափարներու՝ պարտաւոր են հիմա խօսելու։ Անոնց ձայնը գուցէ բարձր չհնչէ «սթանտարտ» երգչախումբի մէջ, բայց սա թերեւս աղոտ յոյս մը կը թողու պետութիւնը պահպանելու։

…Ռէյ Պրետպըրիի յայտնի վէպին մէջ գիրք կարդացողները նոյնպէս բացարձակ փոքրամասնութիւն կը կազմէին՝ գիրք այրողներու «ամենայաղթ» զանգուածի մէջ։

*

Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1991-ի վերջին կամ 1992-ի սկիզբին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս յետոյ, Պորիս Ելցինի եւ Լէոնիտ Քրաւչուքի միջեւ տեղի ունեցած է մօտաւորապէս հետեւեալ խօսակցութիւնը. «Իսկ դուք գիտէ՞ք, Լէոնիտ Մակարովիչ, որ Խրիմը մերն է»։ «Ո՛չ, յարգարժան Պորիս Նիքոլայեւիչ։ Ձերը չէ՝ մերն է»։ Եւ այսպէսով խօսակցութիւնը աւարտած է։

Ինչո՞ւ Ելցինը չշարունակեց։ Ան աւելի՞ «ժողովրդավար» էր, քան Փութինը (եթէ ժողովրդավարութիւնը ընդհանրապէս այստեղ կապ ունի)։ Ան Փութինէն պակա՞ս հայրենասէր էր։ Ան պակա՞ս համոզուած էր, թէ Խրիմը Ռուսաստանի մաս է։ Իմ կարծիքով՝ այս բոլոր հարցումներու պատասխանը բացասական է։ Պարզապէս Ելցին չունէր ռազմական եւ քաղաքական հնարաւորութիւններ՝ այդ պահուն Խրիմը Ռուսաստանին կցելու։ «Միջազգային իրաւունքը», «պատմական արդարութիւնը» այստեղ երկրորդական դեր կը խաղան. քաղաքականութիւնը «անոնց մասին» չէ, ան ուժերու իրական յարաբերակցութեան մասին է։

Ալիեւ կարողացաւ բռնազաւթել Արցախի մեծ մասը ոչ այն պատճառով, որ սա, իբր թէ, «կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն» եւ ան այդպէսով «կատարած է ՄԱԿ-ի բանաձեւերը» (այդ բացատրութիւնները զաւեշտալի են իրենց ցինիզմով), առաւել եւս՝ ոչ այն պատճառով, որ Արցախ «Ատրպէյճանի պատմական հողն է»։ Պարզապէս Ատրպէյճան ունէր Արցախը զաւթելու քաղաքական եւ ռազմական հնարաւորութիւններ։ Եկէք թուարկենք անոնցմէ մէկ քանին.

1- Ատրպէյճան ստացաւ Թուրքիոյ լիակատար ռազմական աջակցութիւնը, որու արդիւնքով այդ երկու երկիրներու զինուած ուժերը հանդէս կու գան՝ որպէս մէկ միասնական բանակ։

2- Մեր դիւանագիտութիւնը չկարողացաւ այնպէս մը ընել, որ Թուրքիան անմիջականօրէն չմասնակցի պատերազմին, ինչպէս սա եղած էր 1992-94 թուականներուն։

3- Մեր բանակը բաւականաչափ պաշարներ չունէր՝ դիմադրելու թուրք-ատրպէյճանական բանակին (սա ներկայ իշխանութեան ամենասիրելի քաղաքական թեզն է, բայց սա միայն մէկն է խնդիրներու երկար շարքին մէջ)։

4- Ռուսաստան շահագրգռուած էր իր խաղաղապահները Արցախի մէջ տեղադրելով։

5- Ռուսաստան այնքան ուժեղ չէ, որ հակադրուի Թուրքիոյ եւ այդ երկրի հետ կ՚իրականացնէ բազմաթիւ տնտեսական եւ ռազմաթեքնիք ծրագրեր։

6- Ատրպէյճանական դիւանագիտութեան 26 տարուայ մէջ յաջողուած էր աշխարհը համոզել, թէ «միջազգային օրէնքով» Արցախ Ատրպէյճանի մասն է (ինչ որ մեր դիւանագիտութեան թուլութեան նշանն է)։

7- Քորոնաժահրի, ԱՄՆ-ի մէջ իշխանափոխութեան եւ շարք մը այլ պատճառներով Արեւմուտքը չէր կրնար միջամտել իրադարձութիւններու զարգացման։

8- Յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ տկարացուցած էր պետական կառոյցները, այս մասին կը վկայէր. օրինակ՝ «զանգուածներու» յարձակումը Ազգային ժողովի, ապա՝ դատարաններու վրայ, ինչպէս նաեւ բանակէ ներս «ելակային PR-շարժումները»։

9- Հայաստանի ղեկավարը իր չափէ դուրս մեծ յաւակնութիւններու եւ ինքնավստահութեան պատճառով լուրջ չէր վերաբերուեր խաղաղ բանակցութիւններուն նկատմամբ։

10- Ալիեւ հաշուարկած էր, որ նոյն պատճառներով Հայաստանի վարչապետը պատերազմը չի կանգնեցներ՝ մինչեւ որ «դանակը ոսկորին չհասնի»։

Այսպէս էին Ատրպէյճանի հնարաւորութիւնները, որոնք ան օգտագործած է։ Հիմա եկած է ժամանակը, որպէսզի մենք մեզի համար հնարաւորութիւններ ստեղծենք՝ հաշուի առնելով վերը շարադրուած, գուցէ նաեւ բազմաթիւ այլ կէտեր։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 22-23 սեպտեմբեր 2021 թուակիր համարներու

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021