ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ շարք մը շքեղ յոբելենական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեակին առթիւ։ Ըստ էութեան, Մատենադարանի մէջ նախատեսուած էին հանդիսութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ Վատիկանի կողմէ նշանակուած է ընդհանուր կառավարիչ։ Օրուան տեւողութեան Զէքիեան գերապայծառ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Երեւանի մէջ հնգօրեայ ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկներու շարքը այսօր արդէն կ՚եզրափակուի։ Նոյն ծիրին մէջ Զէքիեան գերապայծառ եւ միաբանութեան շարք մը անդամները հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Զէքիեան գերապայծառը եւ իր ընկերակիցները՝ հերթական անգամ շնորհաւորելով Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակը։ Նախագահը ընդգծեց, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը անփոխարինելի եւ հսկայական դերակատարութիւն մը ունեցած է իր հիմնադրութենէն ի վեր՝ աշխարհի մէջ համբաւ ձեռք բերելով որպէս հոգեւոր, գրական, ուսումնակրթական եւ գիտամշակութային կեդրոն։ Իր խօսքերով՝ երեք դար առաջ հայ մտքի հոգեւոր հսկայ Մխիթար Սեբաստացիի կողմէ հիմնուած հաստատութիւնը Ս. Ղազար կղզիի մէջ գործունէութեան սկսած պահէն ի վեր բացառիկ մեծ աւանդ մը ներդրած է հայապահպանութեան գործին մէջ։ Այս հանգամանքի վառ վկայութիւնները կը հանդիսանան միաբանութեան վանական համալիրէն ներս ի պահ դրուած՝ հայ մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող բազմաթիւ ձեռագրերն ու մատեանները, որոնք միեւնոյն ժամանակ համաշխարհային քաղաքակրթութեան նմոյշներն են։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ դէպի Իտալիա եւ Աւսրտիա այցելութիւններուն ընթացքին կը ջանայ անպայման օգտագործել առիթը եւ մեծագոյն հաճոյքով կ՚այցելէ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հաստատութիւնները։ Նախագահին համոզմամբ, անհրաժեշտ է՝ որպէսզի միաբանութիւնը շարունակէ իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։ Ան ընդգծեց, թէ որեւէ դժուարութիւն, ծագած ամէն տեսակ խնդիր հնարաւոր է լուծել միայն Հայաստան-Սփիւռք սերտ համագործակցութեամբ եւ երկուստեք գոյութիւն ունի համապատասխան պատրաստակամութիւն։ Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Զէքիեան գերապայծառի բեղուն գործունէութիւնը՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու, հայապահպանութեան ու սերունդներու կրթութեան։

Իր կարգին, գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանի ջերմ ու քաջալերական խօսքերուն համար։ Ան յայտնեց, որ շատ կարեւոր է մշտապէս զգալ հայրենիքի ամուր թիկունքը։ Ան ջերմութեամբ յիշեց նախագահի այցելութիւնը միաբանութեան հաստատութիւններ եւ յոյս յայտնեց, թէ նման առիթներ կը ներկայանան նաեւ յառաջիկային։ «Միասնաբար, ձեռք ձեռքի տուած միաբանութիւնը իր անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ ձեր՝ մեծարգոյ նախագահ եւ Վեհափառ Տիրոջ բարձր հովանաւորութեան ներքեւ պէտք է ջանայ 300-ամեակի յոբելենական տարին պատշաճ ձեւով անցընել», ըսաւ Զէքիեան գերապայծառ։

Կը հաղորդուի, որ նախագահը եւ գերապայծառը քննարկեցին նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ հարցեր։

ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄՕՏ

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ Զէքիեան գերապայծառը հիւրընկալելու ժամանակ կարեւորեց Մխիթարեան միաբանութեան դերակատարութիւնը հայկական ու եւրոպական արժէքներու պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ։ Իր խօսքերով՝ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան հոլովոյթին մէջ աննախադէպ է այս կառոյցի պատկառելի ու փառաւոր յոբելեանը եւ անոր նշուիլը առանձնայատուկ երեւոյթ մըն է անկախ Հայաստանի մէջ։ «Ս. Ղազար կղզին հայ հոգեւոր մտքի մեծագոյն ռահվիրայ Մխիթար Աբբահօր անմիջական ջանքերով ու տքնանքով վերածուեցաւ Աստուծոյ ու գիտութեան հետ հաղորդակցման բացառիկ տաճարի։ Կը կարծեմ՝ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակը պէտք է նշել նաեւ սփիւռքի զանազան համայնքներու մէջ։ Մխիթար Աբբահայրն ու իր հետեւորդները երբեք չնահանջեցին խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու առջեւ, չշեղեցան իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու ճշմարիտ ուղիէն։ Վանականներու ջանքերով իրագործուեցան եւրոպացի նշանաւոր գիտնականներու աշխատութիւններու հայերէն թարգմանութիւնները, հնագոյն ձեռագրերու առաջին տպագրութիւնները, հայագիտական ուսումնասիրութիւններ, ստեղծուեցան գիտական ընդհանուր եւ ճիւղային բառարաններ, կրօնական, պատմական, լեզուաբանական, բնագիտական, տնտեսագիտական եւ այլ բնոյթի աշխատութիւններ, որոնք ոչ միայն հարստացուցին հայկական քաղաքակրթութեան գանձարանը, այլ նաեւ համաշխարհայինը», ըսաւ նախարարը։

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԵՒ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ

Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեակին առթիւ, երէկ, Երեւանի Մատենադարանին մէջ սկսաւ գիտաժողով մը, որ իր աւարտին պիտի հասնի վաղը։ Նոյնպէս Մատենադարանի երդիքին տակ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կնքուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ այս յոբելեանին առթիւ թողարկուած մասնաւոր դրոշմաթուղթը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017