ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ ԺԱՄԵՐՈՒՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Երբ պատրիարքական ընտրութեան հարցին վերաբերեալ անորոշ սպասումը կը շարունակուի, այսօր յետմիջօրէին կարեւոր տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ։ Այսպէս, Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին հիւրընկալեց մեր համայնքին կողմէ պատուիրակութիւն մը։ Յետմիջօրէին ժամը շուրջ 15.30-ին տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ 45 վայրկեան։

Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը քննարկելու համար կուսակալութիւն մեկնեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Սարգիս Քիւլեկէչ։ Ըստ մեր ստացած առաջին անպաշտօն տեղեկութիւններուն, ընդհանուր առմամբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Համայնքային պատուիրակութիւնը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց, որ ցայսօր այս գործընթացէն ներս ի՛նչ քայլեր առնուած են եւ ինչ դժուարութիւններ կ՚ապրուին։ Կուսակալ Վասիփ Շահին ընդգծած է, որ պատկան իշխանութիւնները կը հետեւին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման համար իրենց նպաստը բերելու ուղղութեամբ։

Դարձեալ ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին համայնքային պատուիրակութեան անդամները մեկնած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր մինչեւ այս երեկոյեան ժամերը երկար խորհրդակցութիւն մը ունեցան Վասիփ Շահինի մօտ տեղի ունեցած տեսակցութեան լոյսին տակ։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017