ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿ

Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կը շարունակեն խորացնել իրենց համագործակցութիւնը ռազմական գետնի վրայ։ Յառաջիկայ օրերուն Անգարայի մէջ պիտի սկսին «Անատոլուի արծիւը» խորագրեալ զօրավարժութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ այս ռազմափորձին մասնակցութիւն պիտի բերեն Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ բանակէն ներկայացուցիչները։ Զօրավարժութիւններու նպատակն է նաւթամուղ եւ կազամուղ խողովակաշարներու պաշտպանութիւնը երաշխաւորել եւ այս կապակցութեամբ փորձառութեան փոխանակում ապահովել։ Այս երեք երկիրներու զինուորական ներկայացուցիչները ռազմական բնագաւառէ ներս զօրավարժութեան ուղղութեամբ կը կեդրոնանան անձնակազմի եւ համակարգչային մարզումներու վրայ։

Բացի զօրավարժութիւններէն, վերջին օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ այս երեք երկիրներու բարձրաստիճան զինուորականներու եռակողմանի հանդիպումը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր մասնակցեցաւ Պաքուի այս հաւաքին, որուն ներկայ էր նաեւ Վրաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Վլատիմիր Չիչիպայա։ Հաւաքի տանտէրն էր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով։ Եաշար Կիւլէր Պաքուի մէջ յայտնեց, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ռազմական համագործակցութիւնը հասած է ռազմավարական մակարդակի։ Ըստ իրեն, Անգարա կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Իր կարգին, Վլատիմիր Չիչիպայան ալ յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս սպառնալիքները կ՚աւելնան եւ այդ բոլորը կրնան կանխուիլ միայն միացեալ ջանքերով։

Պաքուի հաւաքի աւարտին կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զաքիր Հասանով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատառման յանձնեց, որ եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանի հասարակական-քաղաքական իրավիճակը, տարածքաշրջանային ռազմավարական ծրագրերու աշխուժացումը ապահովելու, խաղաղութեան եւ կայունութեան աջակցելու վերաբերեալ հարցեր։ «Հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարուեցաւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ երկիրներու ինքնիշխանութեան մասին», ըսաւ Հասանով։

Կողմերը հասատատեցին 2019 թուականի գործողութիւններու ծրագիրը եւ հանդիպման արդիւնքները ամփոփելու համար արձանագրութիւն մը ստորագրեցին։

Այդ փաստաթուղթի ստորագրման զուգահեռ զօրավար Եաշար Կիւլէր նշեց, որ թէ՛ տարածքաշրջանային եւ թէ համաշխարհային մակարդակով խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանումը շատ կարեւոր է։ Իր կարգին, Զաքիր Հասանովն ալ նշեց, որ իրենց նպատակն է այս երեք երկիրներու տարածքաշրջանէ ներս ձեռնարկած ռազմավարական նշանակութեամբ ուժանիւթի ծրագրերու անվտանգութեան երաշխաւորումը։ Այս ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ։

Մինչ այդ, զօրավար Եաշար Կիւլէրի գլխաւորութեամբ Պաքու այցելած պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Իլհամ Ալիեւ շեշտեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներէ ներս, մասնաւորապէս զինուորական բնագաւառէ ներս յաջողութեամբ կ՚ընթանան եւ երկու պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակին վրայ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Այս բոլորը կարեւոր դեր կը կատարեն՝ որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին։ Ալիեւ նշեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ կարեւոր նշանակութիւն ունին երկու երկիրներու զինուորներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած զօրավարժութիւնները։

Իր կարգին, զօրավար Եաշար Կիւլէր հանդիպման ընթացքին կրկնեց այն բանաձեւը, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան երկու տարբեր պետութիւն, սակայն մէկ ազգ են։ Երկու երկիրները հասարակաց պատմութիւն մը եւ մշակոյթ մը կը բաժնեն եւ անոնց միջեւ ռազմավարական համագործակցութւնը օրէ օր կ՚ամրապնդուի։ Տեսակցութեան ընթացքին զօրավար Եաշար Կիւլէր անդրադարձ կատարեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան յայտնեց, որ սա թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի տեսակէտէ կարեւոր նիւթ մըն է։ Պաքուի շփումներու ծիրէն ներս, զօրավար Եաշար Կիւլէր այցելեց Հայտար Ալիեւի յուշադամբանը եւ թէ՛ ատրպէյճանական եւ թէ թրքական նահատակներու յուշարձանները։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՔԱԼԸՆ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ վերջին օրերուն խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ «Եըլտըրըմ Պէյազըտ» համալսարանէն ներս կազմակերպուած՝ «Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները. ձեւաւորել ապագան» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունենալով Իպրահիմ Քալըն խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ «Հայաստան պէտք է վերջ տայ բռնագրաւման։ Երբ այս բանը իրականանայ, ամենաշատ շահողը Հայաստանը պիտի ըլլայ։ Մենք Հայաստանի դէմ որեւէ նախապաշարում չունինք», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն հաւաքոյթի ընթացքին եւ աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ լուրջ դերակատարութիւն մը կը վիճակի նաեւ Ռուսաստանին։

Իպրահիմ Քալըն մատնանշեց, որ Ռուսաստանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը պայմանաւորուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը 1992 թուականէն ի վեր դժբախտաբար իրմէ ակնկալուածը չէ կրցած իրականացնել։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ներկայիս կը գոյատեւէ՝ որպէս Կովկասէ ներս սառեցեալ տագնապ մը։ Թուրքիոյ դիրքորոշումը այս նիւթին կապակցութեամբ շատ յստակ է։ «Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը պէտք է վերջ գտնէ եւ Կովկասէ ներս խաղաղութեան նոր մթնոլորտի մը ստեղծուելուն համար մենք բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած ենք։ Մինչ այդ մեր ռուս պաշտօնակիցներուն հետ ալ սերտ շփումներ ունեցած ենք։ Սակայն դարձեալ ոմանք հարցին մէջը մտած են եւ այդ գործընթացը ընդհատուած է։ Ատրպէյճանի տարածքները այլեւս պէտք է Ատրպէյճանին յանձնուին եւ Հայաստան պէտք է վերջ տայ բռնագրաւման։ Եւ սա երբ իրականանայ, ամենաշատ շահողը պիտի ըլլայ Հայաստանը։ Մենք Հայաստանի դէմ որեւէ նախապաշարում չունինք։ Այս հարցի լուծումը բոլորէն աւելի նպաստ պիտի բերէ Հայաստանին եւ Կովկասէ ներս պիտի ապահովէ նոր կայունութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտի մը կառուցումը», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018