ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կարճատեւ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ամման, ուր հիւրընկալուեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Յորդանան յարաբերութիւններու զարգացման եւ զանազան ոլորտներէ ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Ամմանի մէջ, թագաւորական պալատէն ներս Արմէն Սարգսեան Ապտուլլահ Բ.-ի կողմէ դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութիւնով։ Ապա անոնք նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որուն հետեւեցաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ տեսակցելու ժամանակ Ապտուլլահ Բ. թագաւորի կողքին էին Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաւնեհ, Արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի, Արդիւնաբերութեան, առեւտուրի ու մատակարարումներու նախարար Մահա Ալի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեանի այս ուղեւորութիւնը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած՝ Հայաստանի տեսակէտէ ծանր ու տագնապալի իրավիճակին մէջ։ Ի դէպ, Արմէն Սարգսեանի Ամման այցելութեան օրը հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Այման Սաֆատիի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, պաշտօնակցի խնդրանքին ընդառաջ Սերկէյ Լաւրով ներկայացուց Մոսկուայի ձեռնարկած միջնորդական ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատման նպատակով։ Սաֆատի ողջունեց Ռուսաստանի որոշիչ դերը կրակի դադրեցման եւ երկարատեւ կարգաւորման պայմաններու ստեղծման համար։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հետ զրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ ամուր բարեկամութիւնն ու պատմական յարաբերութիւնները կը միաւորեն երկու երկիրները։ Հայաստան այսօր բազմաթիւ մարտահրաւէրներու կ՚առերեսուի ու որպէս լաւ ընկեր եւ բարեկամ՝ կ՚ակնկալէ սերտօրէն աշխատիլ եւ ունենալ աջակցութիւն։ Արմէն Սարգսեան յիշեց ամիսներ առաջ Յորդանանի թագաւորին հետ Երեւանի մէջ ծաւալած շինիչ քննարկումները եւ ապագայի ուղղեալ ծրագրերը։ «Կայ փոխադարձ վստահութիւն ու կրնանք աշխատիլ յանուն ապագայի։ Դժուար պահերուն ակնյայտ կը դառնայ, թէ ո՛վ է քու իրական ընկերն ու բարեկամը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ ամէն դժուար վիճակէ ելքի համար յոյս մը կայ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ նախանշեալ ծրագրերու իրականացման պարագային կը ստեղծուի աւելի խոր համագործակցութիւն մը։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ Հայաստան եւ Յորդանան կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ՝ մասնաւորապէս նորագոյն փորձագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան, առողջապահութեան, սնունդի անվտանգութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ։ Հայաստանի համար ուսանելի կրնայ ըլլալ Յորդանանի փորձառութիւնը՝ տեղահանեալներու հետ աշխատանքի պարագային։

Նախագահ Սարգսեան Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքները եւ ստեղծուած առկայ իրավիճակը։ Յորդանանեան կողմը նշեց, որ օգտագործած է միջազգային հարթակներու վրայ ունեցած իր կապերն ու հեղինակութիւնը՝ նպաստելու համար խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։

ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, երկրի տագնապալի կացութեան մէջ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հաւատարիմներէն մին էր, իսկ ներկայիս եկած է համալրել հրաժարեալ նախարարներու շարքը։ Իրեն փոխարէն նշանակուած է Վահրամ Տումանեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020