ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Գումգաբուի մէջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ միջոցէ մը ի վեր կը գործէ «1890 Suites» պանդոկը։ Իրականութեան մէջ Մայր եկեղեցւոյ պատմական համալիրին մաս կազմող տարածքի մը վրայ հիմնուած է այս պանդոկը, որու սեփականատէրն է մեր համայնքի յայտնի ոսկերիչ-գործարարներէն Նորայր Իշլէր։ Մայր եկեղեցւոյ պատմական հովուատան տարածքին մէջ ստեղծուած է այս պանդոկը։ Այդ բաժինը անցեալի մէջ եղած է թէ՛ հովուատուն եւ թէ հիւր հոգեւորականներու համար կացավայր։ «Քահանայից տուն» անունով ծանօթ այդ բաժանմունքը երկար տասնամեակներ առաջ դարձած էր հրոյ ճարակ։ Աւելի ուշ վերանորոգուելով յատկացուած էր աղքատներու բնակութեան։ Այս բոլորէն վերջ, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Նորայր Իշլէրի համաձայնութեամբ այդ բաժնէն ներս ծաւալուն վերանորոգութեան ծրագիր մը կեանքի կոչուած է եւ այդ հիման վրայ ալ բացուած՝ պանդոկ մը։

Շաբաթ երեկոյեան Նորայր Իշլէր մեր համայնքային շրջանակներուն համար մասնաւոր ընթրիք մը կազմակերպեց ծանօթացման նպատակով։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ այլ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Հրաւիրեալներու շարքին էին համայնքային շրջանակներէ բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր. ինչպէս՝ բարերարներ, հաստատութիւններու վարիչներ, հասարակական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

Բոլոր ներկաները ուրախութեամբ ականատես եղան, որ պատմական «Քահանայից տունը» վերակենդանացած էր բուն դիմագծին հաւատարիմ ձեւով, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ նոր ժամանակներու համապատասխան նպատակի մը ծառայելու յարմարութեամբ։ «1890 Suites»ը շուրջ երեսուն սենեակով պանդոկ մըն է, որ բարձր որակով սպասարկութիւն կը մատուցէ յաճախորդներուն, որոնք կարելիութիւն կ՚ունենան թէ՛ պատմական միջավայր մը վայելելու եւ թէ արդի յարմարութիւններէ օգտուելու։ Պանդոկի յարակից կայ նաեւ ճաշարան մը, որու մթնոլորտը եւս յատկանշական է եւ ունի անմիջական ճաշկերոյթներ կազմակերպելու բոլոր հնարաւորութիւնները։ Ընդ որում, հարկ է նշել, որ շաբաթ օրուայ ընթրիքի հրաւիրեալները համտեսեցին պանդոկի խոհանոցի համեղ արտադրանքը։

Ընթրիքի ընթացքին Նորայր Իշլէր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ մեր համայնքի պատմական կալուածներէն մէկուն վերանորոգումը ապահովուած է։ Ան ընդգծեց, որ մեծապէս կը կարեւորէ մեր համայնքի ճարտարապետական ժառանգութիւնը ու ներկայ գործարքն ալ դիտարկած է այդ աչքով։

Ընթրիքի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը, որու ընթացքին նոյնպէս կարեւորեց մեր համայնքապատկան կալուածներու նպատակասլաց արժեւորումը։ Նորին սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Նորայր Իշլէրի կողմէ բացուած պանդոկի գործունէութեան համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018