ՀՐԱԺԵՇՏ ԵՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ)  մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան կ՚աւարտէ իր առաքելութեան շրջանը քաղաքիս մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արսէն Աւագեան անցեալի մէջ եղած էր ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութեան մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի առաջին մշտական ներկայացուցիչը։ Այդ պաշտօնը յաջողութեամբ կատարելէ վերջ վերադարձած էր Երեւան եւ իրեն յաջորդած էին այլ դիւանագէտներ։ Այդ բոլորէն վերջ Արսէն Աւագեան երկրորդ ժամկէտով մը պաշտօնավարելու համար վերադարձած էր քաղաքս։ Ներկայիս այդ երկրորդ ժամկէտն ալ աւարտին հասնելու վրայ է եւ Արսէն Աւագեան կը պատրաստուի յառաջիկայ յունուարի կէսին վերադառնալ Երեւան։ Ան յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս պիտի գլխաւորէ սահմանակից երկիրներու վարչութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ իրեն պիտի յաջորդէ այլ փորձառու անուն մը՝ Սահակ Սարգսեան։

Երէկ, համայնքային շրջանակները Արսէն Աւագեանին հրաժեշտ տուին եւ անոր յաջողութիւն մաղթեցին իր ապագայ գործունէութեան համար։ Արսէն Աւագեան եւ իր կողակիցը՝ Մերի Աւագեան երէկ մասնակցութիւն բերին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ յուշանուէր մը յանձնեց Արսէն Աւագեանին։ Նորին սրբազնութիւնը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Արսէն Աւագեանի կողմէ ցարդ տարուած աշխատանքին շուրջ։ Արդարեւ, իր դիւանագիտական աշխատանքը կատարելու առընթեր Արսէն Աւագեան մշտապէս եղաւ մեր համայնքին հետ, յաջողեցաւ սիրաշահիլ մեր համայնքի անդամները ու միշտ դրական յարաբերութիւն մը ունեցաւ անոնց հետ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ ան կը համարուէր մեր համայնքի անդամներէն մին։ «Տխուր է հրաժեշտ տալ սիրելիներուն, սակայն մեր մխիթարութիւնը այն է, որ ան յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս պիտի զբաղեցնէ բարձր պաշտօն մը», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Իր կարգին, Արսէն Աւագեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը, որու ընթացքին երախտագիտութիւն յայտնեց մեր համայնքին կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։

Հաւաքոյթի ընթացքին Մերի Աւագեանին ալ յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018