ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Սպիտակ տունը տեղեկացուց, որ Թրամփ երկար եւ արդիւնաւէտ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Էրտողանին հետ։ Պեշթեփէի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Թուրքիա գոհ է ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած քայլերէն։ «Շեշտուած է, որ մեր երկիրը պատրաստ է ցուցաբերել ամէն տեսակ աջակցութիւն ի նպաստ ԱՄՆ-ի», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկուած է ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն դուրս բերելու գործընթացը։ Թուրքիա գոհ է Սուրիայէ ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նպատակով ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած քայլերուն բերումով։ Անգարայի կողմէ ընդգծուեցաւ, որ երկու երկիրները ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ են։ Երկու ղեկավարները համակարծիք գտնուած են նաեւ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալները բարձրացնելու ուղղութեամբ։

Ուաշինկթընի աղբիւրներն ալ յայտնեցին, որ Էրտողան եւ Թրամփ խօսած են Սուրիայէ ներս համատեղ նախաձեռնութիւններու մասին։ Ամերիկեան զօրքերը դանդաղ ու բաւական համակարգուած ձեւով դուրս պիտի բերուին տարածքաշրջանէն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018