ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Հայկական մարզաշխարհը կը սգայ ֆութպոլի առասպելական աստղերէն Արքատի Անդրէասեանի մահը։ 73 տարեկան հասակին ան մահացաւ Երեւանի մէջ, ինչ որ խոր ցաւ յառաջացուց։ Արքատի Անդրէասեան «Արարատ» ֆութպոլի ակումբին հետ նոյնացած մարզիկ մըն էր։ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, 1970-ականներու առաջին կէսին «Արարատ»ի ախոյեան կազմի սիւներէն մին էր Արքատի Անդրէասեան։ Ինք եւ իր ընկերները նուաճած էին Խորհրդային Միութեան ախոյենութիւնը եւ բաժակը։ Ան մաս կազմած էր նաեւ Խորհրդային Միութեան հաւաքականին, որով Ողիմպիական խաղերու մէջ պրոնզէ մետայլի արժանացած էր։ «Արարատ»ի կազմին մէջ 242 անգամ մարզադաշտ դուրս եկած էր եւ արձանագրած՝ 62 կոլ։  Որպէս մարզիկ շրջանը աւարտելէ վերջ, միշտ մնացած էր ֆութպոլի աշխարհին մէջ։ Երկար տարիներ որպէս մարզիչ իր փորձառութիւնը շարունակած էր ներդրել «Արարատ»ի համար։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին համար ալ աշխատանք տարած էր։

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Արքատի Անդրէասեանի մահուան կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ «Մեծ վշտով տեղեկացայ առասպելական հայ ֆութպոլէօր Արքատի Անդրէասեանի մահուան մասին։ Ան անքակտելի մեծ ներդրում ունեցած էր հայկական ֆութպոլի զարգացման եւ միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ։ Իր օրինակով դաստիարակուած են ֆութպոլի սերունդներ, որոնց շարքին կը դասուէր նաեւ հայրս։ Կը ցաւակցիմ Արքատի Անդրէասեանի ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն եւ ամբողջ ֆութպոլի հանրութեան եւ ցաւով կը բաժնեմ իրենց վիշտը», գրած է «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ցաւակցական մը հրապարակեց Արքատի Անդրէասեանի մահուան կապակցութեամբ։  

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020