PEGASUS ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերակենդանացումով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ արդէն կը վերսկսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր ընդհատուած էին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ վերջին շրջանին կատարուած յայտարարութիւններէն վերջ, երէկ ալ Հաղորդակցութեան ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլու անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն փոխադարձ թռիչքները պիտի սկսին եւ Թուրքիայէն «Pegasus» ընկերութիւնը պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղղութեան վրայ թռիչքներ իրականացնելու համար։

Համապատասխան իրադարձութիւնները հայկական լրահոսին վրայ ալ անմիջական արձագանգ կը գտնեն։ Երէկ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանն ալ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման վերաբերեալ հաղորդումներ կատարեց՝ տեղ տալով նաեւ նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլուի յայտարարութիւններուն։ Այսպէս, նախարարի խօսքով՝ վերջին երկուքուկէս տարիներուն ընդհատուած օդային հաղորդակցութեան վերսկսումով կարեւոր յառաջընթաց կ՚ակնկալուի։ Նախարարը յստակ ամսաթիւ չէ նշած թռիչքներու սկիզբի թուականին համար՝ յայտնելով, որ այժմ ծրագրման փուլ մըն է, կողմերը թեքնիկ հարցերու շուրջ կը բանակցին, օդակայանի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն այդ հարցերը։ Իր կանխատեսումներով, այս բոլորը երկար չեն տեւեր, յաջորդ տարեսկիզբին ու նոյնիսկ գուցէ մինչեւ այս տարեվերջ թռիչքները կրնան վերսկսիլ։

Հարկ է միջանկեալ նշել, որ ըստ որոշ աղբիւրներու, արդէն առցանց վաճառքներ սկսած են Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու համար, նոյնիսկ կը խօսուի սակագինի մասին. միակողմանի թռիչքի փոխարէն 85 եւրօ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանը այս նիւթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ պարզած է նաեւ Թուրքիայէն, Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր վարչութենէն։ Այսպէս, թրքական կողմը հաստատած է ամէն շաբաթ երեք անգամ Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ թռիչք իրականացնելու վերաբերեալ «Pegasus» ընկերութեան դիմումը։ Հայաստանէն ալ երկու ընկերութիւն՝ «Fly One Armenia», «Armenian Airlines» եւ «Aircompany Armenia» դիմած են Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւններուն՝ նոյն ուղղութեան վրայ չուերթներ կազմակերպելու համար։ Այդ դիմումներու քննարկումը ընթացքի մէջ է։ Հայկական ընկերութիւնները տակաւին թրքական կողմի հաւանութիւնը ստացած չեն։

Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութիւնն ալ երէկ այս նիւթին վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Այսպէս, թրքական կամ հայկական որեւէ ընկերութիւն տակաւին հայկական կողմին չէ դիմած այս հարցին շուրջ։ Մինչդեռ, միջոց մը առաջ, «Fly One Armenia» օդային ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ընելու ժամանակ հաստատած էր, որ իրենք արդէն թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմի պատկան մարմիններուն դիմած են՝ Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներու կազմակերպման համար ու կը սպասեն պատասխանի։

Նոյն աղբիւրներու հաղորդումներով՝ թրքական կողմէն պարզաբանած են, որ այս գործընթացը արագօրէն յառաջ կ՚երթայ եւ լուծումները օրերու կամ շաբաթներու կը կարօտին։ Այսպէս, կը բացատրուի, որ թրքական կողմի հաւանութիւնը ստացած «Pegasus» ընկերութիւնը տակաւին հայկական անհրաժեշտ մարմիններուն չէ դիմած։

Հարկ է նշել, որ «Pegasus» հիմնուած է 1990 թուականին եւ թռիչքներ կ՚իրականացնէ դէպի աշխարհի 42 երկիր՝ 111 ուղղութիւնով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021