ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ շարունակեց իր շփումները Տաւոսի մէջ՝ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, օրուան տեւողութեան Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ ունեցաւ Սինկափուրի փոխ-վարչապետ Թարման Շանմուկարաթմանի, ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի համակարգող Աճիմ Շթայնըրի, Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի եւ միջազգային այլ շարք մը յառաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Կարէն Կարապետեան եւ Նեչիրվան Պարզանի քննարկեցին երկկողմանի տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։ Նեչիրվան Պարզանի ընդգծեց, որ կը փափաքին խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ խթանել առեւտրատնտեսական կապերը։ Իր կարգին, Կարէն Կարապետեան կարեւորեց երկկողմանի կապերու ամրապնդումը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է փոխշահաւէտ գործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ գործնական քայլեր իրականացնելու։

Վարչապետները անդրադարձան համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն՝ քննարկելով զանազան ոլորտներէ ներս, մասնաւորապէս՝ ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, առեւտուրի բնագաւառներուն մէջ յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երեւան-Էրպիլ կանոնաւոր թռիչքի բացման հեռանկարներուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018