ՏԵՂԸ ՏԵՂԻՆ…

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմրան նըս-տաշրջանի լիագումար նիստին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ին նուիրեց հայկական խաչքար մը։ Օրուան տեւողութեան Սթրազպուրկի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի նորընտիր նախագահ Նիքելէ Նիքոլեթթիի, ԵԽԽՎ-ի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի, Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի (Ժողովրդավարութիւն՝ օրէնքի միջոցաւ յանձնաժողով) նախագահ Ճիաննի Պուքիքիոյի եւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանաց ատեանի նախագահ Տիտօ Ռայմոնտիի հետ։ Նախագահ Սարգսեան, որ ստորագրեց նաեւ ԵԽԽՎ-ի «Ոսկէ գիրքը»,  համատեղ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց Թորպիոն Եակլանտի հետ։

Երէկուան կարեւոր իրադարձութիւնը հանդիսացաւ Սթրազպուրկի մէջ, ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստի ընթացքին Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ խորհրդարանականներէն Սէյիտովի կողմէ Սերժ Սարգսեանին ուղղուած հարցումը։ Սէյիտով բաւական ջղագըր-գիռ եւ դիւանագիտական պատշաճութիւններէ դուրս ոճով մը նախագահ Սարգսեանին ուղղեց հարցում մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Փոխարէնը՝ Սերժ Սարգսեան իսկապէս տեղը տեղին պատասխան մը տուաւ եւ Սէյիտովի կողմէ առաւել չափով քարոզչութեան նպատակով իրեն ուղղուած հարցումին կապակցութեամբ արտայայտեց վճռական ու հաւասարակշռուած մօտեցումներ։ ԵԽԽՎ-ի երդիքին տակ Սերժ Սարգսեան Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ խորհրդարանականի հարցման ի պատասխան ըսաւ հետեւեալը.

«Գիտէք, ես նախ ձեզմէ կը խնդրեմ քիչ մը հանդարտ ըլլալ, հանգստանալ եւ ապա իմ խօսքերը չխեղաթիւրել։ Ես այս ամպիոնէն չյայտարարեցի, որ ես եղած եմ պատերազմի առաջնորդ, ես այդպիսի պատիւ չեմ ունեցած, ես մասնակիցը եղած եմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի արդար պայքարի։ Թէ ինչո՞ւ ես չյիշատակեցի Խոճալուի դէպքերը, որոնք դուք ցեղասպանութիւն կ՚անուանէք, շատ պարզ պատճառով. որովհետեւ այդ ցաւալի իրադարձութիւններէն անմիջապէս յետոյ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Այազ Մութթալիպով շատ հանգամանօրէն եւ շատ տեղեկացուած ձեւով շարադրած է փաստեր եւ յստակ ցոյցեր տուած, թէ ովքեր եղած են այդ ջարդի կազմակերպիչները։ Եւ, գիտէք, ես շատ կ՚ափսոսամ, ցեղասպանութիւնը լաւ բան չէ, ցեղասպանութիւն տանիլը պատիւ չէ, սա տանջանք է եւ կը կարծեմ՝ Ատրպէյճանի մէջ կայ միտում մը՝ անպայման ունենալ այն ինչ, զոր ունին հայերը։ Գիտէք, սա անթոյլատրելի բան մըն է, ձեր ինչի՞ն պէտք է բան մը անուանել ցեղասպանութիւն, որ երբեք չէ եղած եւ յատկապէս հայերու կողմէ չէ եղած։

«Իսկ ինչ կը վերաբերի միջազգային կառոյցներու մօտ մեր ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման, ապա դուք կը սխալուիք։ Չկայ միջազգային կառոյցներու կողմէ որեւէ ընդունուած որոշում, որ Հայաստանի կողմէ կը մերժուի։ Դուք փորձեցիք յիշատակել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը։ Ես ձեզի խորհուրդ կու տամ, երբոր դուք կ՚ընկղմիք նիւթի մը մէջ, իրօք ընկղմեցէք եւ ուսումնասիրեցէք։ Աշխարհին յայտնի է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երբեք չէ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին։ 1993 թուականին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ընդունած է չորս բանաձեւ Լեռնային Ղարաբաղի հատուածի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին։ Եւ ամէն բանաձեւէն յետոյ Ատրպէյճան յայտարարած է, որ չի դադրեցներ ռազմական գործողութիւնները, փորձած է ձեռնարկել նոր յարձակումներու, բայց ինչպէս յաճախ կ՚ըլլայ, ունեցած է կորուստներ։ Այդ չորս բանաձեւերուն մէջ Հայաստանի միակ յանձնարարութիւնը եղած է օգտագործել իր ազդեցութիւնը եւ հեղինակութիւնը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։ Եւ մենք ի պատիւ Հայաստանի այդ ժամանակուայ իշխանութիւններուն՝ կատարած ենք այդ պարտաւորութիւնը։ Իսկ ամենաառաջին պատասխանատուն՝ Ատրպէյճան, որ պիտի դադրեցնէր ռազմական գործողութիւնները, չէ դադրեցուցած այդ ռազմական գործողութիւնները, եւ ինչպէս գիտէք, 1994 թուականին արդէն ստորագրուած է հրադադարի պայմանագիր, բայց արդէն այլ գործօններու ազդեցութեան տակ եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի ազդեցութեան տակ։ Բայց, ցաւօք սրտի, այդ պայմաններուն ներքեւ ամրագրուած դրոյթները չեն կատարուիր։ Եւ այդ պայմաններուն ներքեւ շատ յստակ ամրագրուած է, որ ռազմական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին, իսկ քաղաքական լուծումներու համար պէտք է բանակցային մեծ գործընթացի սկսիլ։ Եւ ինչպէս նշեցի՝ բանակցային այդ գործընթացին մէջ, ինչպէս երեւաց ձեր խօսքէն, դուք կ՚ուզէք առաւելագոյնը, դուք կ՚ուզէք անհնարինը, դուք կ՚ուզէք Ատրպէյճանի կազմը վերադարձնել Ղարաբաղը։

«Ցաւօք սրտի, այլատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ այնքան զարգացած է, որ արդէն դուք բացայայտ կը յայտարարէք, որ Ղարաբաղը ձեզի պէտք է առանց հայերու։ Անհնարին է, սա երբեք պիտի չըլլայ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պայքարի էութիւնը շատ պարզ է։ Սա պայքար է ազատութեան համար, պայքար է ինքնորոշման համար, եւ այդպիսի պայքարը չի կրնար դրական ելք չունենալ։ Ես համոզուած եմ»։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018