ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Օրհնաբեր այցելութեան ընթացքին Գերապայծառին ընկերացաւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Վերջին տարիներուն Զեքիեան Գերապայծառ կանոնաւոր պարբերութեամբ կ՚այցելէ խմբագրատունս՝ տօնական շրջաններուն։ Սա արդէն վերածուած է հաճելի աւանդութեան մը։ Երէկուան հանդիպումով այդ շղթային վրայ եկաւ աւելնալ նոր օղակ մը։

Զեքիեան Գերապայծառ հիւրընկալուեցաւ թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան թրքահայութեան օրակարգի, սփիւռքի իրադարձութիւններու, Հայաստանի կեանքի վերաբերեալ նիւթեր։ Գերապայծառը անդրադարձաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան վերակազմակերպման ուղղեալ ջանքերուն։ Այդ բոլորին շուրջ ան բաժնեց իր դիտարկումները՝ համաշխարհային ընդհանուր հոսանքներու եւ մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ հայաշխարհի առանձնայատկութիւններու համադրութեամբ։

Զեքիեան Գերապայծառ այցելութեան առթիւ մեզի նուիրեց Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին առթիւ հրատարակուած յոբելենական հատորը։ Թերթիս ներկայացուցիչներն ալ իրեն յանձնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնին լոյս ընծայած՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած «Նարեկ»ը։

Հարկ է նշել, որ Զեքիեան Գերապայծառ այսօր կը մեկնի Եւրոպա, ուր յառաջիկայ շաբաթներուն հետամուտ կ՚ըլլայ իր բազմակողմանի առաքելութեան վերաբերեալ զանազան աշխատանքներու։

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019