ՏԱՒՈՍԷՆ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց Տաւոսի շփումները եւ արդէն անցաւ Մոսկուա, ուր այսօր կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ նախատեսուած այս հաւաքի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս կը ստանձնէ այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։

Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ 49-րդ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին բերաւ շատ աշխոյժ մասնակցութիւն։ Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը գրեց, որ փոքր Հայաստանի համար Տաւոսի ֆորումը համաշխարհային ցատկատախտակ մըն էր։ Հայաստանի վարչապետը Տաւոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, նաեւ զրուցեց կլոպալ ընկերութիւններու կամ այլ կառոյցներու վարիչներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տաւոսի մէջ կեցութեան վերջին օրը ան մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու «Աշխարհը համաշխարհայնացման ժամանակաշրջանին» խորագրեալ անպաշտօն ճաշկերոյթին։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հիմնադիր ու գործադիր նախագահ Քլաուս Շվափ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս։ Փաշինեան մասնակցեցաւ նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու անպաշտօն հաւաքին, որ կազմակերպուած էր «Եւրոպայի շրջադարձային պահը» խորագրին ներքեւ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէզ եւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէ։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի միջեւ։ Փաշինեան յայտնեց, որ քննարկած են տարածքաշրջանի իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը համաձայնած են շարունակել քննարկումները յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման շուրջ։ Փաշինեան մասնաւորապէս նշած է, որ անդրադարձ չէ կատարուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019