ՄԵԾԱՊԱՏԻՒ ԱՅՑԵԼՈՒ

Անգլիոյ արքայազն Չարլզ երէկ այցելեց Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին։ Իշխան Չարլզ Հոլոքոստի տարելիցի արարողութիւններուն մասնակցելու համար մեկնած էր Իսրայէլ։ Ան հայկական եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան տեղեկացուց, որ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Հայոց Պատրիարքութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց արքայազն Չարլզի այցելութեան համար՝ զայն համարելով մեծ պատիւ։ Նորին Սրբազնութիւնը իշխանին նուիրեց հայկական յախճապակեայ ափսէ մը։ Ան արքայազն Չարլզի հետ զրուցեց նաեւ Ս. Երկրէ ներս հայկական ներկայութեան եւ Հայոց Պատրիարքութեան առաքելութեան մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան։

Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ այցելեց Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020