ԲԱԶՄԱՈԼՈՐՏ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան եւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի շաբաթավերջի անպաշտօն հանդիպման ընթացքին քննարկեցին երկկողմանի բազմաոլորտ օրակարգի շուրջ զանազան նիւթեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Զալքալիանի կարեւորեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ոլորտներէ ներս հայ-վրացական բարեկամական համագործակցութեան խորացումը։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներու շարունակականութիւնը՝ որպէս կարեւորագոյն հարթակ, որու վրայ փոխշահաւէտ ու բազմաոլորտ համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնուի։ Նախարարները կանգ առին նաեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան խթանման վրայ։ Այս մէկը կարեւոր հեռանկարային ուղղութիւն մը համարուեցաւ երկկողմանի օրակարգի զարգացման եւ հարստացման համար։

Արա Այվազեան եւ Տաւիտ Զալքալիանի կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ փոխկապակցուածութեան հարցերու շուրջ։ Մատնանշուեցաւ, որ միայն յարատեւ եւ բոլորի շահերը հասցէագրող խաղաղութիւնը կրնայ իսկական երաշխիքներ ստեղծել տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման յառաջ մղման համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021