ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ այսօր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի մէջ։ Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Անցեալ ժամանակաշրջանը Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ բնորոշուեցաւ լուրջ լարուածութիւններով։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին կողմերու միջեւ տարաձայնութեան առարկայ գրեթէ բոլոր խնդիրները՝ ներառեալ Եգէականի եւ Միջերկրականի անհամաձայնութիւնները։ Օդային մարզերու եւ կղզիներու ապազինման հարցերը նոյնպէս սեղանի վրայ կը գտնուին։

Այս օրուան բանակցութիւններու ընթացքին թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալ, իսկ Յունաստանի պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուի՝ վաստակաւոր դեսպան Փաւլոս Ափոստոլիտիս։ Ըստ տեղական մամուլի հրապարակումներուն, բանակցութիւններու նպատակն է գետին պատրաստել՝ երկու կողմերուն համար ընդունելի արդար, մշտական ու ծաւալուն լուծումի մը համար։ Այս օրուան բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կոչով հասունցած մթնոլորտի մը մէջ։ Արդարեւ, Չավուշօղլուի այդ կոչով Թուրքիա յստակօրէն ի յայտ բերած էր իր կամքը՝ երկխօսութեան համար։

Դիւանագիտական շրջանակները կը հաղորդեն, որ բանակցութիւններու ընթացքին եթէ փակուղիներ յառաջանան, ապա թրքական կողմը միշտ հետամուտ պիտի ըլլայ արդարամտութեան սկզբունքին։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021