ՄԵԾ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ արդէն ձեռնարկած է իր տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան, որու առաջին կանգառը կը հանդիսանայ Պաքուն։ Նախապէս զանազան հրապարակումներ եղած էին, թէ Ճեւատ Զարիֆի ուղեւորութիւնը շաբաթավերջին պիտի սկսէր։ Յամենայնդէպս, Թեհրանի աղբիւրներու վերջնական հաղորդումներով յայտնի դարձաւ, որ Ճեւատ Զարիֆի այցելութիւնը կը սկսի այսօր։ Պաքուի մէջ ան կը տեսակցի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի, փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։  Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ Իրանի համագործակցութիւնը՝ տարածքաշրջանէ ներս վեց երկիրներու մասնակցութեամբ ստեղծումը նախատեսուած հարթակի շրջանակներէն ներս։ Զարիֆ կ՚անդրադառնայ պատերազմէ վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու տնտեսական վերականգնման աշխատանքներուն Իրանի ընկերութիւններու մասնակցութեան հնարաւորութիւնը։ 

Պաքուէ վերջ, Ճեւատ Զարիֆ կ՚այցելէ Ռուսաստան, Վրաստան, Հայաստան եւ ի վերջոյ՝ Թուրքիա։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաիտ Խաթիպզատէ Զարիֆի շրջագայութեան ընթացքին յայտնեց, որ ան քննարկումներ կը ծաւալէ Կովկասի վերջին զարգացումներու, համատեղ նախագծերու եւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերու շուրջ։ Օրակարգի վրայ Կովկասի իրավիճակն է, համատեղ նախաձեռնութիւնները։ Իրանի պատուիրակութիւնը տարածքաշրջան կը մեկնի խաղաղութեան եւ կայունութեան գաղափարները յառաջ մղելու համար։ Ճեւատ Զարիֆն ալ ուղեւորութենէն առաջ տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ իր նպատակն է աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, տագնապի յաղթահարման։

Պաքուի այս օրուան շփումներէն վերջ Ճեւատ Զարիֆ վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար  Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Զարիֆի ժամանման ընդառաջ քննարկումներու օրակարգին շուրջ բացատրութիւններ տուաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, որ եւս հաստատեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկման առարկայ կը դառնայ։ Բաց աստի, ըստ բանբերին, կողմերը կ՚անդրադառնան Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Պարսից ծոցի զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ 2015 թուականին կնքուած՝ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութեան։

Պաքուէ եւ Մոսկուայէ վերջ, Ճեւատ Զարիֆ Երեւան կ՚այցելէ այս չորեքշաբթի, 27 յունուարին։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021