«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԿԱԽՈՒՄ ՈՒՆԻ ԱՊԱԳԱՅ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ յարաբերութիւններու հարցին մէջ կը կարեւորուի գերիներու խնդրի լուծումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան շեշտեց, որ ապագայ գործողութիւններու տրամաբանութիւնը կը պայմանաւորուի Ատրպէյճանով։

Պաքուի եւ Անգարայի հետ Երեւանի ապագայ հաւանական յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ Արմէն Գրիգորեան ըսած է, որ հրադադարի համաձայնութենէն վերջ տարածքաշրջանէ ներս կայ տրամաբանութիւն մը, որով կը նախատեսուի ապաշրջափակում եւ այդ ապաշրջափակումը նաեւ կը նշանակէ որոշ պարտաւորութիւններ։ Ան շարունակեց.

«Այս պահուն Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններ կառուցելու ամբողջին մէջ շատ կարեւոր է, օրինակ, գերիներու հարցի լուծումը։ Դժուար է որեւէ հարց քննարկել, եթէ լուծուած չէ գերիներու հարցը։ Այստեղ աւելի շատ Ատրպէյճանէն կու գայ ապագայ գործողութիւններու տրամաբանութիւնը, վարքագիծը, զոր կը դրսեւորէ Ատրպէյճան, ըստ այդմ ալ մենք տարածքաշրջանէն ներս կը կարողանանք յառաջ երթալ»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Գրիգորեան ընդգծած է, որ ռազմագերիներու վերադարձի հարցը ամենանուրբն է։ Սա որոշ չափով ներքին քաղաքական բնոյթ ալ ստանալով բարդութիւններ յառաջացուցած է իր հետ։ Իշխանութիւնները ամէն օր այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին, առանց նոյնիսկ վայրկեան մը կորսնցնելու։ Այդ աշխատանքին մեծամասնութիւնը տեսանելի չէ։ «Բայց, միանշանակ կրնամ ըսել, որ մեծ ջանք կը գործադրուի այս խնդիրը լուծելու համար։ Պարզապէս խոչընդոտներ ստեղծուած են նաեւ հաշուի առնելով ներքին քաղաքական իրավիճակը։ Ես կը յուսամ, մենք հնարաւորինս արագ կը կարողանանք այս հարցին լուծում տալ», նշեց ան։

Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ապագային՝ հարցազրոյցի ժամանակ Արմէն Գրիգորեան նշած է հետեւեալը.

«Իսկապէս կարելի է ըսել, որ տարածքաշրջանէ ներս ինչ խոչընդոտներ ալ եղած են, որպէսզի Թուրքիան սահմանը բանայ, կարծես, թէ իրողութիւնները փոխուած են եւ եթէ իսկապէս Թուրքիա ցանկութիւն ունի սահմանը բանալու, ապա բնականաբար այդ ուղղութեամբ երթալ եւ յաւելեալ որեւէ պահանջ ներկայացնելու իմաստ չկայ յարաբերութիւններ կառուցելու համար։ Եթէ իսկապէս ցանկութիւն կայ, որովհետեւ եթէ ցանկութիւն կայ եւ խնդիր յառաջ կը բերուի եւ եթէ այդ խնդիրը գոյութիւն չունի, ապա տրամաբանական է, որ յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին։ Այս առումով, աւելի շատ պէտք է տեսնենք, որ Թուրքիա ինչպիսի քայլերու կը ձեռնարկէ, որովհետեւ իրողութիւնները փոխուած են, պէտք է քալել ըստ այդ տրամաբանութեան»։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021