ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ գնդապետ Անտրէյ Կրիշչուք եւ Արցախի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան։

Ռուստամ Մուրատով Արմէն Սարգսեանին տեղեկացուց խաղաղապահներու առջեւ դրուած խնդիրներու իրականացման ընթացքին շուրջ՝ ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ջերմ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ ռուս զինուորականներու նկատմամբ։ Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը եւ յաջողութիւններ մաղթեց անոնց ծառայութեան համար։

Զրուցակիցները քննարկեցին Ատրպէյճանի մօտ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձին, կորսուած անձերու յայտնաբերման եւ հայկական կողմին յանձնուելուն վերաբերեալ հարցեր։ Արմէն Սարգսեան անընդունելի համարեց Ատրպէյճանի կողմէ որոնման աշխատանքներու ամէն տեսակ խոչընդոտումը եւ հրատապ նկատեց այս չափազանց զգայուն ու կենսական հարցերու լուծումը։

Քննարկման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնն ու յատկապէս սահմանամերձ համայնքներու անվտանգութեան երաշխաւորման կարեւորութիւնը։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորին։ Զրուցակիցները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրողութիւններուն, տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն։ Թոյվօ Քլաար վերահաստատեց Եւրոմիութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ մարդասիրական խնդիրներուն։ Ան առանցքային համարեց Ատրպէյճանէ ներս ի պահ դրուած գերիներու անյապաղ վերադարձը եւ նմանաբնոյթ միւս խնդիրները։ Անդրադառնալով յետպատերազմեան շրջանին ի յայտ եկած նոր մարտահրաւէրներուն՝ Արմէն Սարգսեան կանգ առաւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ յատկապէս Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ համայնքներու անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրները մատնանշուեցան նախագահին կողմէ։

Հանդիպման տեւողութեան զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգին շուրջ։ Անոնք շօշափեցին ապագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ արդիւնաւէտութեան ակնկալութեամբ։

Միւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան չստորագրեց խորհրդարանին կողմէ վերջին շրջանին ընդունուած երկու օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին Դատական օրէնսգիրքի փոփոխութեան ենթարկուելուն եւ Արդարադատութեան ակադեմիային։ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը հաղորդեց, որ Արմէն Սարգսեան համապատասխան իրաւական հիմնաւորումներով եւ փաստարկներով Սահմանադրական ատեան դիմած է՝ այդ օրէնքներու Սահմանադրութեան համապատասխանութեան ստուգման համար։ Ըստ իրեն, այդ օրէնքները նախագահին կողմէ խնդրայարոյց նկատուած են՝ դատաւորներու անկախութեան եւ անաչառութեան սկզբունքներու պահպանման, արդարադատութեան իրականացման ուղղութեամբ որեւէ միջամտութեան բացառման տեսանկիւնէն։

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան բանբերը այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ իրենց համար անակնկալ մը չէ եղած Արմէն Սարգսեանի կողմէ այդ օրէնքներու չվաւերացուիլը։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021