ՊԱՅՏԸՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ՞ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԵՏ. ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄԻՍՆԵՐԸ ՎՃՌՈՐՈՇ

Իսրայէլի մամուլին մօտէն հետեւողներ լաւապէս պիտի նկատեն, որ Թել Աւիւի պաշտօնական մարմիններուն մօտ այս օրերուն լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ։

Խնդիրն այն է, որ Սպիտակ տուն մտած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, մինչեւ այս պահը շատ «գաղջ» կապ մը հաստատած է իսրայէլացիներուն հետ եւ չի բացառուիր, որ այս յապաղումը առընչութիւն ունի այն մտքին հետ, որ Պայտըն չ՚ուզեր մխրճուիլ՝ մօտաւոր ապագային Իսրայէլի ընտրութիւններու մեծ «ճահիճ»ին մէջ։

Այստեղ եթէ արագ փակագիծ մը բանանք, ապա պիտի շեշտադրենք, որ ԱՄՆ-ի վերջին երկու նախագահները՝ Պարաք Օպամա եւ Տանըլտ Թրամփ իրարմէ բաւական տարբեր կեցուածքներ ունեցան՝ կապուած Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները համակարգելու։ Մինչ Օպամա այդքան ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց չտուաւ Թել Աւիւի հանդէպ, անդին Թրամփ ամէն ինչ ըրաւ Նեթանիյահուն գոհ պահելու համար, նոյնիսկ երեւան հանելով երկար ժամանակէ ի վեր ԱՄՆ-ի փակ գրասենեակներուն մէջ գտնուած մի քանի առանցքային խնդիրներ, որոնց ամենէն ուղենշայինն էր՝ Կոլանը իսրայէլեան համարելու մասին օրինագիծը։

Բացի այս բոլորէն, այսօր աւելի քան յստակ է, որ ԱՄՆ-ի նոր վարչակարգին համար սկսած են ձեւաւորուիլ նոր տեսակէտներ, որոնց ամենէն հիմնականը Սուրիոյ հետ «լեզու գտնելու» մօտեցումն է։ Անշուշտ այս մէկը ամբողջապէս ապահովագրուած մօտեցում մը չէ, սակայն չի բացառուիր, որ Պայտըն փորձէ փոխել «խաղի կանոններ»ը եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի ազդեցութեան պատուհանը բանայ՝ այս անգամ Դամասկոսի հետ խօսիլ փորձելով։

Ի դէպ, այս մօտեցումը նորութիւն մը չէ. մեզմէ շատերու յիշողութեան մէջ կը շարունակէ վառ մնալ, որ ԱՄՆ-ի նախկին վարչակարգերը ինչ միջոցներու դիմած են Դամասկոսին հետ խօսելու եւ նոյնիսկ բարեկամութեան ձեռք երկարելով տարածքշրջանին մէջ մեծ քաղաքականութեան առաջատարը դառնալու։

Սուրիոյ հետ նոր յարաբերութիւններու նոր գիծ մը նկատելու առումով աւելի քան բառացուցական են ԱՄՆ-ի դիւանագիտութեան «աստղեր»էն համարուող Ճեֆրի Ֆիլտմընի կատարած յայտարարութիւնները, որոնք բացայայտօրէն կը խոստովանին, որ իրենք՝ ամերիկացիք Սուրիոյ մէջ ձախողեցան։ Եւ եթէ նման «խոստովանութիւն» մը լսելի կը դառնայ Ֆիլտմընի ճարտարութեամբ գործիչի մը բերնէն, ապա այդ կը նշանակէ, որ նոյն ամերիկացիք ունին «փլան պէ» մը եւ, անշուշտ, ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի այսօրուան ձախողութիւնը տեղ մը «կիսուի» ու նոր միջոցներու շնորհիւ մէջտեղ հանուի համագործակցութեան նոր ճանապարհ մը։

Ուրեմն, ներկայիս առանցքը Դամասկոսն է, որու շնորհիւ ալ ԱՄՆ պիտի կարողանայ նոր մակարդակի «միջամտութիւններ» կատարել Լիբանանի մէջ։ Անշուշտ, այս կէտին հարկ է կարեւորել, որ այս բոլորի կողքին ԱՄՆ ի՞նչ պիտի հետապնդէ։ Պիտի ուզէ՞ մինչեւ վերջ երթալ «Հիզպուլլահ»ը պատժելու համար, կամ թէ պարզապէս պիտի գոհանայ առանցք մը փոխելով ու Դամասկոսին հետ խօսելով, նաեւ պիտի բաւարարուի Լիբանանը իր ազդեցութեան տակ առնելով, ապա ալ անցնիլ նոր համաձայնութիւններու եզրագիծ։

Շատ հեռու չեն այս ակնկալութիւնները ու յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու աւարտին Ուաշինկթըն անպայմանօրէն մէջտեղ պիտի հանէ իր նոր քաղաքականութիւնը, որու շնորհիւ ալ Պայտըն ամենէն աւելի պիտի փորձէ շրջանը հեռու պահել մեծ պատերազմներէ ու այդ ճամբով ալ լեզու գտնել Իրանի հետ։ Մինչ այդ, Մոսկուայի եւ Դամասկոսի օգնութեամբ մէկիկ-մէկիկ քակել՝ Լիբանանի մէջ առկայ եւ լարուած բոլոր տեսանելի կամ թաքուն ականները։ Այս կերպով աւելի քան յայտնի պիտի ըլլայ, որ ԱՄՆ փոխած եւ նոյնիսկ Դեմոկրատականներու տեսակէտէ բարեփոխած պիտի ըլլայ իր մօտեցումները։

Այս բոլորը ժամանակի խնդիր է, անշուշտ, յառաջիկայ ամիսները այս առումով աւելի քան վճռական պիտի ըլլան։

Յ.Գ. Արդէն հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած է Նեթանիյահուի եւ Պայտընի միջեւ։ Ճիշդ է, որ Նեթանիյահու այս խօսակցութիւնը «շատ դրական» գնահատած էր, սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութիւնները մանաւանդ այս օրերուն նոյնը չեն, ինչ որ էին նախապէս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021