ԺԱՀՐԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ՄԱՐՄԻՆԸ

Սպանացի բժիշկները նշած են ժահրերէն մարմինը պաշտպանող մթերքները։ Այսպէս, սպանացի բժիշկները թուարկած են այն մթերքները, որոնք կրնան օգնել իմունային համակարգի աշխատանքին։ Այս մասին գրած է La Vanguardia թերթը, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Ցանկը կը գլխաւորէ սխտորը, որ կը համարուի բնական հակամանրէական, հակաժահրային եւ հակասունկային միջոց: Անոր կը յաջորդեն՝ նուշը, որ հարուստ է E կենսանիւթով, նաեւ հապալասը, որ կը պաշտպանէ շնչուղիները: Բժիշկները նաեւ խորհուրդ կու տան սննդաբաժնին մէջ ներառել հաւի կամ հնդկահաւի արգանակ, որ կ՚արգիլէ պաղառութեան ժամանակ լորձի յառաջացումը, պեթաքարոթենով հարուստ քաղցր գետնախնձոր եւ կենսանիւթեր, հանքային նիւթեր եւ հակաօքսիտաններ եւ մեծ քանակութեամբ բջջանիւթ պարունակող պրոքոլի:

Ցանկին վրայ տեղ գտած են նաեւ սունկերը, մուգ տուրմը (շոքոլան), նարնջազգիները, նուռը, քիվին, փափայան, շոմինը, ցորենի ծիլը, կակղամորթները եւ ոստրէները:

Համեմունքներու կարգին քորոնաժահրով վարակուած հիւանդներուն դիմադրականութիւնը ամրապնդելու համար առաւել օգտակար են կոճապղպեղը եւ քրքումը, ըմպելիքներու մէջ՝ կանաչ թէյը եւ քեֆիրը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2020