ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԱՐԵԿՑԱՆՔ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը արտահերթ, արտասովոր առօրեայ մը պարտադրած է համայն մարդկութեան։ Համաճարակը թէեւ համաշխարհային մարտահրաւէրի մը վերածուած է, սակայն գործնական պայքարը կը մղուի տեղական հարթութեան վրայ, շատ նեղ շրջանակներու մէջ։ Պատճառը շատ պարզ է, որովհետեւ համաճարակէ խուսափելու հիմնական պայմանն է մեկուսացումը։ Իւրաքանչիւրը պէտք է մնայ իր բնակարանին մէջ։ Սա արդէն առաջին հերթին տեղական դաշտ կը տեղափոխէ ամէն ինչ եւ առօրեան նեղ շրջանակի մը մէջ կը սահմանափակէ։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ էութեան, այս կացութիւնն է, որ անխուսափելի կը դարձնէ ընկերային զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Հաւաքական կեանքէ ներս այսօր բոլորովին նոր կացութիւն մը ստեղծուած է։ Ընկերային կեանքը յառաջ կը տարուի միայն տարրական կարիքներու դիմագրաւումով։

Այս համայնապատկերին վրայ ինքնին փորձառութեան մը վերածուած է նաեւ մեր համայնքի անդամներու դիմագրաւած առօրեան։ Ինչպէս Թուրքիոյ բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու պարագային, այնպէս ալ թրքահայութեան մէջ կարեւոր տոկոս կը կազմէ երէց սերունդը։ Տարեցներու պարագային առընթեր, բնականաբար առողջապահական ընթացիկ տկարութիւններով անձերը եւս խոցելի կը համարուին համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Իսթանպուլի պատմական կեդրոնի եւ որոշ չափով ալ նոր թաղամասերուն մէջ մեր համայնքի անդամները ունին հասարակական կեանքէ ներս անանտեսելի ներկայութիւն։ Ուստի, այս շրջանին անոնք եւս համաճարակի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար արտասովոր առօրեան յառաջ կը տանին իրենց անմիջական շրջանակին մէջ։ Մէկ կողմէ տարեցներն ու հիւանդները կը համարուին խոցելի, իսկ միւս կողմէ՝ մարդիկ արդէն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ փակած են իրենց գործատեղիները։ Բոլորին կը յանձնարարուի խուսափիլ ամէն տեսակ շփումէ։

Այս իրավիճակին մէջ առօրեայ անհրաժեշտ կարիքներու դիմագրաւումը կը համարուի լուրջ խնդիր մը։ Քաղաքիս մէջ կենսական կարեկցանքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է այդ դժուարութիւններու յաղթահարման ճանապարհին։ Իսթանպուլի հայաբնակ թաղերուն մէջ առօրեան որոշ չափով տանելի կը դառնայ՝ մասնաւորապէս դէպի բնակարաններ առաքումներու բարենպաստ ազդեցութեամբ։ Առեւտուրը ընդհանրապէս գրեթէ կանգ առած է եւ մարդիկ զրկուած են իրենց ընթացիկ եկամուտներէն։ Այս բոլորը ի զօրու են նաեւ թրքահայ համայնքի անդամներուն համար։ Ամէն մարդ կը ջանայ միայն տարրական կարիքներու պարագային դրամ ծախսել։ Ուստի, կենսական առեւտուրն ու ծառայութիւնները ընդելուզուած վիճակ մը ունին։ Խանութպաններու կամ դեղարաններու կողմէ մատուցուած ծառայութիւնը այսօր չի սահմանափակուիր միայն առեւտրական նշանակութեամբ։ Արդարեւ, անոնց կողմէ դէպի բնակարաններ կատարուած առաքումները ընկերային զօրակցութեան տեսակէտէ օրինակելի դարձած են։ Ֆէրիգիւղի, Պաքըրգիւղի, Եշիլգիւղի, Սամաթիոյ, Գատըգիւղի, Սկիւտարի, Պէյօղլուի, Պէշիկթաշի եւ այլ հայաբնակ շրջաններու մէջ զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան այս պատկերը կը բիւրեղանայ վառ դրուագներով։ Հերթական անգամ մարդիկ գործնական ձեւով կ՚անդրադառնան, որ նոյն հասարակութեան, նոյն քաղաքին, նոյն թաղամասին մէջ ճակատագրակից են՝ բոլորը իրարու դատապարտուած եւ ունին իրարու նկատմամբ հասարակաց պատասխանատուութիւններ։

*

Այս օրուան մեր առաջին էջը կը յատկացնենք Ֆէրիգիւղի շրջանի շարք մը բանուկ խանութներուն կամ դեղարաններուն, որոնց ծառայութիւններէն կ՚օգտուին նաեւ մեր համայնքի անդամները։ Այսպիսիներ շատ են նաեւ քաղաքի այլ թաղամասերէն ներս, սակայն, նկատի ունենալով առօրեայի սահմանափակումները, մենք բաւարարուած ենք Ֆէրիգիւղի շրջանով, ուր կը պատրաստուի թերթս եւ ուր կը բնակի նաեւ մեր վարպետ լուսանկարիչը՝ Մկրտիչ Արծիւեան, որ նկարահանած է այս բոլոր դրուագները եւ այդ բոլորին համար խորապէս շնորհակալ ենք իրեն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2020