ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ

Մոսկուայի սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական յարձակման արձագանգները կը շարունակուին՝ մինչ միջազգային օրակարգին վրայ իրադարձութիւնները առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Ըստ վերջին հաղորդումներուն, «Crocus City Hall» համերգային համալիրէն ներս պատահած յարձակման հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է 143-ի։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուց, որ զոհերու շարքին կայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը։ Պաշտօնական աղբիւրները հայ զոհին անունը թէեւ չեն հրապարակած, սակայն, ըստ «Regnum» գործակալութեան՝ զոհուած հայու անունն է Լիլիթ Իսրայէլեան։

Կը հաղորդուի, որ դէպքէն անմիջապէս վերջ՝ որպէս կասկածեալ, այս ահաբեկչական արարքին մասնակցած չորս անձնաուորութիւն ձերբակալուած է եւ անոնց հարցաքննութիւնը արդէն սկսած է։ Անոնց համար երկու ամիս արդէն կալանաւորում սահմանուած է։

Մինչ այդ, շաբաթավերջին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս ահաւոր դէպքին կապակցութեամբ ցաւակցականներ ուղարկեց Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին։

Միւս կողմէ, այս ահաբեկչութեան ցնցումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ալ ամենայն սաստկութեամբ կը շարունակուի։ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի շաբաթավերջին յայտնեց, որ Ռուսաստան կը ջանայ ուրիշի վրայ բարդել շաբաթավերջի դէպքին պատասխանատուութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024