ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՑԱՒԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ՉԲԵՐԵՆՔ ՆՈՐ ԹՇՆԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
Երէկ Չանաքքալէի պատերազմի հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարները կամ անոնց կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ Չանաքքալէի ոգեկոչման արարողութիւնը։ Էրտողան եւ Անգլիոյ իշխան Չարլզ առանձին առանձին ծաղկեպսակներ զետեղեցին տեղւոյն նահատակաց յուշարձանին, նաեւ աղօթք արտասանուեցաւ նահատակներուն համար։
Իր ելոյթին մէջ Էրտողան յայտնեց, թէ այդ պատերազմի բոլոր նահատակները կը վերյիշէ յարգանքով։ Ան համոզուած է, թէ Կելիպոլուն յարմարագոյն վայրն է՝ խաղաղութեան պատգամ փոխանցելու համար համայն աշխարհին։ «Այստեղ ներկայ բոլոր երկիրները կը նկատենք մեր բարեկամները, որոնք կը բաժնեն մեր կոչը՝ որպէսզի պատերազմի դարը վերջանայ եւ խաղաղութեան դարը սկսի», ըսաւ նախագահը եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա ամէն տեսակ համագործակցութեան պատրաստ է, որպէսզի ներկայ դարը վերածուի խաղաղութեան դարաշրջանի մը։ Ըստ Էրտողանի, համաշխարհային կայունութեան եւ անդորրութեան համար՝ բոլոր երկիրներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ հաւաքականութիւններուն կողմէ պէտք է բաժնուի հանդուրժողութեան եւ բարեկամութեան կլիման։
Էրտողանի ելոյթէն վերջ խօսք առնողներու շարքին եղաւ նաեւ արքայազն Չարլզ, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ կը զգար սոյն հանդիսութեան մասնակցելով։
Կելիպոլուի արարողութիւններէն վերջ Էրտողան «Սաւարոնա» նաւուն մէջ պաշտօնական ընթրիք մը սարքեց իր հրաւէրին ընդառաջած ղեկավարներուն ի պատիւ, մինչ պտոյտ մըն ալ կատարուեցաւ Տարտանէլի նեղուցին մէջ։
ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻ ԵԼՈՅԹԸ
Միւս կողմէ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Գոնիայի մէջ։ Ան ըսաւ, թէ 1915 թուականի դէպքերու 100-րդ տարելիցին բերումով կը փորձուի զսպանակի մէջ առնել Թուրքիան։ 100 տարի առաջուան հաշուեյարդարին վրայ կ՚անարգուի Թուրքիան։ «Մենք պատրաստ ենք առերեսուելու մեր պատմութեան հետ, սակայն որեւէ ձեւով տեղի չենք տար անոնց, որոնք ամբարտաւանութեամբ կը մօտենան մեզի», ըսաւ վարչապետը։