ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Ապրիլի 24-ի առթիւ Հայոց սուրբ նահատակները երէկ ոգեկոչուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց պատգամ մը, որու բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերուն անդրադարձաւ որպէս Մեծ եղեռն։ Ամերիկայի զանազան կազմակերպութիւններ այդ նախըտրութեան համար բողոք յայտնեցին Թրամփի դէմ։ Յամենայնդէպս, թրքական կողմն ալ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Թրամփի յայտարարութեան դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ամերիկացի ղեկավարի բանաձեւումները կը համարուին անընդունելի։

Ապրիլի 24-ը այս տարի առաջին անգամ Ֆրանսայի մէջ նշուեցաւ՝ որպէս Ազգային օր։ Ամբողջ երկրէն ներս արարողութիւններ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան վերյիշման Ազգային օրուան առթիւ։ Նահատակները ոգեկոչուեցան ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ պետական մարմիններէ պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ։ Ֆրանսական զանգուածային լրատուական միջոցներն ալ առաջնահերթօրէն անդրադարձ կատարեցին այս խնդրին։ Մայրաքաղաք Փարիզի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանին շուրջ։ Ֆրանսայի վարչապետ Էտուարտ Ֆիլիփ, Ներքին գործոց նախարար Քրիստոֆ Քաստանէ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ մասնակցութիւն բերին արարողութեան։ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան մասնակցեցան ոգեկոչման արարողութեան եւ ծաղիկներ թողեցին յուշակոթողի վերածուած Կոմիտասի արձանին մօտ։ Օրուան տեւողութեան ոգեկոչման հաւաքոյթ մըն ալ տեղի ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ ապրիլի 24-ի առթիւ հերթական անգամ համայն աշխարհին յիշեցուց իր պաշտօնական դիրքորոշումը հայկական հարցին շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ըսաւ. «Անոնք, որոնք Հայկական հարցի վրայով կ՚ուզեն Թուրքիոյ դաս տալ մարդու իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան համար, բոլորն ալ արիւնալի անցեալ մը ունին։ Տեղահանութիւնը եւ սպանդը տարբեր բաներ են։ Զո՞վ կը խաբէք։ Մենք որեւէ ցեղասպանութեան մասնակից չենք եղած եւ այդ բանէն տուժած ենք»։

Էրտողան աւելցուց, որ Հայկական հարցը հրահրող պետութիւններէն որեւէ մէկը այդ պնդումները չեն կրնար հիմնաւորել իրենց արխիւներու փաստաթուղթերով։

Երէկ, Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ «Մեր արխիւներու զարգացումը, տեսլականն ու պատմական հետազօտութիւններու համար նպաստը» խորագրեալ գիտաժողովի մը ընթացքին։ Այս առթիւ ան նշեց, որ Արեւելեան Անատոլուի շրջանէն ներս հայկական հրոսախումբերը կը սպաննէին մահմետական բնակիչները՝ առանց խնայելու կանայք, երեխաներն ու տարեցները։ Այս հրոսախումբերու եւ զանոնք պաշտպանողներու պարագային աքսորը ամենատը-րամաբանական ձեւն էր։ «Աքսորն ու սպանդը տարբեր բաներ են։ Սա է, որ կը բացատրենք, այստեղէն դարձեալ կ՚ըսեմ։ Աշխարհ պէտք է գիտնայ, որ մենք մեր արխիւները բացած ենք մինչեւ վերջ։ Մեր արխիւներուն դռները մինչեւ վերջ բաց են բոլոր անոնց համար, որոնց նպատակն է ճշմարտութեան յայտնաբերումը», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Բաց աստի, ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, նախագահ Էրտողան երէկ ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակեց թրքահայ համայնքին ուղղեալ պատգամ մը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հասցէագրուած այս պատգամին բնագիրը հրապարակուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։

Միւս կողմէ, «24 ապրիլի հարթակ»ին կողմէ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը։ Այս տարուան հաւաքոյթը Շիշհանէի հրապարակին վրայ էր։ Կուսակալութեան կարգադրութեամբ ձեւաչափին մէջ եղած էր որոշ փոփոխութիւն։ Ոգեկոչման մասնակիցները այս տարի մամլոյ հաղորդագրութեան ընթերցումէն վերջ արձակուեցան Շիշհանէի հրապարակէն։

Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ալ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019