ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս տեսակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Վարչապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացները հանգուցալուծուած են Վեհափառ Հայրապետի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ համերաշխութեան պատգամին համահունչ։

Նորին Սրբութիւնը վարչապետին ու կառավարութեան նորանշանակ անդամներուն մաղթեց յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ ի նպաստ երկրի բարեկեցութեան, դժուարութիւններու յաղթահարման, ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու ամրագրման։

Զրոյցի տեւողութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ այլ խնդիրներուն։

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018