ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սա շատ ուշագրաւ իրադարձութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ վերջին շրջանին երկրէն ներս դատական իշխանութիւններու, արդարադատական համակարգի բարեփոխման վերաբերեալ խնդիրները կ՚արծարծուին յաճախակիօրէն։ Անցեալ շաբաթավերջին, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտէն ազատ արձակուելուն զուգահեռ երկրի հասարակութենէն ներս նոր եւ հուժկու հակազդեցութեան ալիք մը բարձրացաւ երկրի դատաիրաւական համակարգէն ներս։ Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան  ներկայիս կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու գործին համար։ Քոչարեանի բանտէն ազատ արձակուիլը մինչ հանրային կարծիքին կողմէ ցասումով ընկալուեցաւ, իշխանութիւններն ալ տուին շատ բուռն արձագանգ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ժամանակը եկած է վիրահատական միջամտութիւններ ընելու դատաիրաւական համակարգին։ Այս բոլորէն վերջ, երէկ, արդէն վրայ հասաւ Գագիկ Յարութիւնեանի  հրաժարականը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներուն ուղղուած հրաժարականին մէջ Գագիկ Յարութիւնեան նշեց հետեւեալը. «Նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորներու առընչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առթիւ մայիսի 20-ին մամուլով իմ կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւնները՝ այլեւս նպատակայարմար չեմ համարեր իմ յետագայ աշխատանքը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի եւ խորհուրդի անդամի կարգավիճակներով»։

Հրաժարականին մէջ Գագիկ Յարութիւնեան խորհուրդի մնացեալ անդամներուն բեղմնաւոր գործունէութիւն մաղթեց՝ իրաւական պետութեան յարիր անկախ դատական իշխանութեան կայացման գործին  մէջ։ Ան նշեց, որ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի իր սիրելի հայրենակիցներուն տարիներով կուտակուած ըսելիքը պիտի ներկայացնէ յաջորդով։ Յարութիւնեան աւելցուց նաեւ, որ այսուհետեւ պիտի զբաղի յատկապէս միջազգային մասնագիտական գործունէութեան շրջանակներէն ներս առաւել աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու՝ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի։

Ներկայ պայմաններով Գագիկ Յարութիւնեանի պարտաւորութիւնները կը ստանձնէ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի երիցագոյն անդամը՝ Գէորգ Դանիէլեան։

Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարականով անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ իսկապէս իր աւարտին կը հասնի շրջան մը։ Արդարեւ, ան վերջին շուրջ երեսուն տարիներուն ընթացքին միշտ գտնուած էր իշխանութեան ամենաբարձր հորիզոնականներուն վրայ։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանին Գագիկ Յարութիւնեան եղած էր վարչապետ եւ փոխ-նախագահ։ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի ստեղծումով ան եղած էր այդ բարձրագոյն դատարանի առաջին նախագահը։ Երկար տարիներ Սահմանադրական ատեանի նախագահ մնալէ վերջ, 2018 թուականին ան իր տեղը թողած էր Հրայր Թովմասեանին եւ անցած էր Բարձրագոյն դատական խորհուրդի գլուխը։ Ի լրումն այս բոլորին, Գագիկ Յարութիւնեան մաս կը կազմէր նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ղեկավարութեան։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019