ՀԱԿԱՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պրիւքսելի հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր: Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսով վերահաստատուեցաւ այդ մէկը, ինչ որ համազօր է Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները նոր բաժին մը եւս աւելցուցին հայկական կողմէն արձանագրուած հիմնական զիջումներուն վրայ: Սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նկատի կ՚առնուի 1975-ի քարտէսը, ուր առանց որեւէ իրաւական հիմքի Ատրպէյճանի բռնակցուած են հայկական ներշրջանները (անքլաւներ): Հիմա ամենայն պարզութեամբ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ այդ ներշրջանները եւս պիտի յանձնուին Ատրպէյճանին:

Անհիմն եւ անվիճելի առարկութիւն է, թէ առաջին անգամը չէ, որ Հայաստան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար նման թուանշաններով չէ սահմանած Ատրպէյճանի տարածքը: Իսկ թէ՛ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ թէ՛ Ալմա Աթայի հռչակագիրը իրաւական ելք մը բաց կը ձգէին Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս նկատելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատելու համար: Այլ խօսքով, Երեւան չէր ընդունած Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ, առաւել եւս, հայկական ներշրջաններու մասին որեւէ զիջումի յայտարարութիւն չէր կատարուած երբեւիցէ:

Անբովանդակ է նաեւ Փաշինեանի յայտարարութեան կցուած բաղադրիչը՝ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու սկսման եւ միջազգային գործիքակազմով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման: Պաքուն բազմիցս պարզ դարձուցած է, որ այդ բանակցութիւններու օրակարգը բացառապէս Ատրպէյճանի «ղարաբաղցի քաղաքացիներ»ու համարկումին կրնայ վերաբերիլ: Նոյնպէս, աշխարհը ականատես է, որ միջազգային որոշումներն ու օրէնքները ինչպէ՛ս կը յարգուին ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմած, Արցախը շրջափակած, մարդասիրական աղէտ ստեղծած եւ ցեղային զտման քաղաքականութենէն չհրաժարած Ատրպէյճանին կողմէ:

Արցախի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ մերժեց եւ անընդունելի նկատեց Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան՝ միաւորուելու եւ Արցախին զօրակցելու, մերժելով Երեւանէն հնչած յանձնուողականութիւնը: Առաջին անգամը չէ, որ Արցախը նման օրհասական պահով կը միաւորուի եւ հանդէս կու գայ միաձայն դիրքորոշումներով եւ ակնկալութեամբ:

Այս միակամութիւնը, դժբախտաբար, ցարդ կը մնայ Արցախի սահմաններուն մէջ: Կարմիր գիծերը հատուած են եւ Երեւան կ՚ուղղուի այս ձեւով երկրորդ յանձնուողական պայմանագիրը ստորագրելու: Կան յստակ իրաւական արգելքներ նման քայլի մը դիմելու: Այս յայտարարութիւնները արդէն իսկ հակապետական կը նկատուին, եթէ նկատի ունենանք թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթը եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումը:

Վերյիշեցման կարգով. ըստ Անկախութեան հռչակագրին՝ «…Կենսագործելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշման վրայ…»:

Եւ՝ 8 յուլիս 1992-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումի 2-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, որտեղ Լեռնային Ղարաբաղը նշուած կը լինի Ատրպէյճանի կազմում»:

Այս երթի կասեցման գործընթացը սկսաւ Արցախէն: Հիմա կ՚ակնկալուի համայն հայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Ազգային ժողովին եւ անոր կատարած յայտարարութեան:

Բոլոր իրաւական դրոյթները կան հակասահմանադրական եւ հակապետական համարելու՝ Արցախը Ատրպէյճանին մաս նկատելու մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնները: Մինչ այդ անյետաձգելի է համազգային համախմբումը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023