ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐԸ ՄՏԱՀՈԳ

Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ առնուած վերջին որոշումներու լոյսին տակ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան երկրի Սահմանադրական ատեանի անդամները։ Հարկ է նշել, որ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած որոշումը կը նախատեսէ Սահմանադրական ատեանի պարագային մեծ փոփոխութիւն։ Այս իրավիճակին մէջ, բարձրագոյն ատեանի անդամները յայտարարած են հետեւեալը.

«Կը յորդորենք հանրային իշխանութեան բոլոր մարմիններուն իրենց գործողութիւններուն եւ որոշումներուն մէջ առաջնորդուիլ միայն ու բացառապէս Սահմանադրութեամբ։ Սահմանադրական ատեանը կը շարունակէ իրականացնել իր լիազօրութիւնները բնականոն հունով՝ ապահովելով Սահմանադրութեան գերակայութիւնը»։

Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի ինն անդամներէն եօթը ստորագրած են այս յայտարարութիւնը, որով մտահոգութիւն յայտնուած է կառոյցի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Ատեանի երկու դատաւոր յարմար նկատած է չստորագրել յայտարարութիւնը։  

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020