ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը որոշեց 7.5 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Հայաստանի կառավարութեան՝ ենթակառուցուածքներու ծրագրերու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի մը ձեւաւորման նպատակով ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ պիտի յատկացուի այս գումարը։ Այս նոր միջոցները յատկապէս պիտի ուղղուին այն ծրագրերուն, որոնք ենթակառուցուածքային ծառայութիւններու զարգացման նպատակը կը հետապնդեն։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020