ՊՐԻՒՔՍԵԼԷՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն համատեղ նամակ մը ուղարկեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նամակին մէջ նշուած է, թէ Հայաստան եւ ԵՄ կ՚օգտուին այն հնարաւորութենէն, որ կարողացած են սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Արեւելեան գործընկերութեան եւ Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շրջանակներէն ներս։ ԵՄ եւ Հայաստան այս բանը ըրած են իրենց տեսակէտէ ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ, որոնց շարքին են ժողովրդավարութիւնը, իրաւունքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւանց նկատմամբ յարգանքը։

«Մենք ձեզ կը խրախուսենք, շարունակել ձեր բարեփոխիչ գործունէութիւնը այս ամուր հիմքերու վրայ։ Այս տարի, աւաղ, մենք ստիպուած ենք դիմակայելու քորոնաժահրի մարտահրաւէրին։ Սա արհաւիրք մըն է, որ կը վերաբերի բոլորիս։ Սա համերաշխութեան եւ միջազգային համագործակցութեան պահ մըն է։ Եւրոմիութիւնը արդէն իսկ իր յստակ աջակցութիւնը ցուցաբերած է Հայաստանին՝ այս ճգնաժամին դիմակայելու համար՝ մասնաւորապէս եւրոպական ֆոնտերէն շարժման անցընելով 92 միլիոն եւրօ։ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ ի շահ ձեր երկրի։ Այս աջակցութիւնը կը վերաբերի տագնապի ոչ միայն առողջապահական, այլեւ՝ ընկերային եւ տնտեսական երեսակներով։ Միասին մենք պիտի կարողանանք այս տագնապէն դուրս գալ աւելի ուժեղ, աւելի լաւ ապագայ մը կառուցելու համար», նշուած է նամակին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020